ԱԹԷՆՔ.- Յոյն բեմադրիչ Վասիլիս Մազոմենոսի նոր ժապաւէնը քաղաքական ֆիլմ մըն է, որ Կիպրոսի հիմնահարցին կը վերաբերի: Ժապաւէնին մէջ կը շօշափուի մարդկային խիղճի ազդակը, բայց միաժամանակ փորձ կը կատարուի լոյս սփռել անգլիացիներու մութ դերակատարութեան:
Ժապաւէնը նոր աւարտած է, երեք տարուան նախապատրաստական հանգրուանէ ետք: Դրուագներու մեծ մասը նկարահանուած է Նիկոսիոյ «Ռուայալ» հին շարժապատկերի սրահին մէջ, որ յատուկ փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Բեմադրիչ Անտի Փարծիլի շարժապատկերի հին սրահը վերափոխած է այնպէս, որ կը ստեղծուի չարչարանքներու սենեակի մը տպաւորութիւնը, ուր կը գերիշխէ Մեծն Բրիտանիոյ հսկայ դրօշակ մը: Դերասաններուն տառապանքը եւ յանցանքի զգացումն ու մեղանչումը հիմնական ազդակներն են, որոնք կը խորհրդանշուին ժապաւէնին մէջ:
«Guilt»ը յունական եւ կիպրական համատեղ ջանքերով իրագործուած առաջին ժապաւէնն է, որ իբրեւ նիւթ ունի Կիպրական հիմնահարցը:
Ժապաւէնին մէջ հիմնական դերերէն մէկը ստանձնած է հայազգի ծանօթ դերասան Արթօ Աբարդեանը, որ երկար ճանապարհ կտրած է յունական շարժապատկերի աշխարհէն ներս եւ գնահատուած ներկայութիւն մըն է: Դերեր վերցուցած են նաեւ Էվէլինա Փափուլիա, Եանիս Ցորթեքիս, Նիքոս Արվանիտիս եւ այլք: