ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ, իր նստավայրին մէջ աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած էր պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմը՝ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի գլխաւորութեամբ:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն տեղեկացուցած են, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բանակաշինութեան, ղարաբաղա-ատրպեճանական Զինուած ուժերու շփման գիծի վրայ տիրող իրավիճակին եւ զինուորներու ընկերային պայմաններու բարելաւման վերաբերող հարցեր: