ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 17ին եւ 18ին, «Սակայն» ներկայացումով Երեւանի մէջ հանդէս պիտի գայ սփիւռքահայ երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեանը: Սեպտեմբեր 15ին տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին, երգիծաբանը լրագրողներուն յայտնած է, թէ Երեւանի իր ելոյթներէն ետք, նոյն նպատակով պիտի շրջի աշխարհի 18 քաղաքներ։
«Շրջագայութեան այս ծրագիրը նախատեսուած է 1.5 տարուան համար, բայց «Սակայն» մենաներկայացումը շուրջ 4 ամիս առաջ Լոս Անճելըսի մէջ քանի մը անգամ ցուցադրած եմ», յայտնած է ան:
Երգիծաբանը նշած է նաեւ, որ այս ներկայացումը շարունակութիւնն է տարիներ առաջ ներկայացուած «Եւ այլն», «Նաեւ», «Տակաւին» ներկայացումներուն, ուր յատկապէս շեշտադրուած է հայկական իրականութիւնը եւ սփիւռքահայերուն կեանքը: «Սակայն» ներկայացման մէջ ան երգիծանքով կը խօսի առհասարակ հայերուն մասին, նշելով, թէ անոնք ո՛ւր ալ գտնուին, իրենց սովորութիւններով ու մտածելակերպով նոյնն են:
Անդրադառնալով Վ. Պէրպէրեանի ստեղծագործական կեանքին՝ «Արմէնփրէս» կը նշէ, թէ Պէրպէրեան կը ստեղծագործէ նաեւ գրականութեան ոլորտին մէջ. ան գրած է «Նամակներ Զարդարէն» եւ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ» վերլուծական վէպերը՝ նաեւ հայ իրականութեան մասին: Առաւել յայտնի են անոր թատերական ներկայացումները՝ «Պարոն Կարպիս»ը եւ «Վանդակէն դուրս»ը։ Ան կը համագործակցի նաեւ «System of a down» խումբի մենակատար Սերժ Թանգեանի հետ՝ ձեւաւորելով անոր հանրայայտ ռոք խումբի ձայնասկավառկները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.