ԹԵՀՐԱՆ.- Սեպտեմբեր 11ին, 3րդ անընդմէջ օրը ըլլալով իր աւարտին հասաւ ՀՅԴ Ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողովը՝ կայացած Թեհրան, «Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահէն ներս:
Ինչպէս նշած էինք նախապէս, եռօրեայ խորհրդաժողովին մասնակցած էին թիւով շուրջ 25 ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի ՀՅԴ Ուսանողական միութիւններէն: Ընթացքին տեղի ունեցան հանգամանալի զեկոյց-դասախօսութիւններ եւ քննարկուեցան անոնց աշխատախմբային ընթացակարգը:
Խորհրդաժողովի աւարտին, ՀՅԴ Ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները ընդունեցին կոչ-յայտարարութիւն մը՝ օրուան ամենահրատապ հարցին՝ հայ-թրքական նոր յարաբերութիւններու գծով նախաստորագրուած զոյգ արձանագրութիւններուն վերաբերեալ, եւ խստօրէն դատապարտուեցան սոյն փաստաթուղթերուն մէջ տեղ գտած հայավնաս եւ հայաստանավնաս դրոյթներն ու կէտերը, որոնք, ըստ խորհրդաժողովին հարուած են՝
– Հայկական հողային պահանջատիրութեան Դատին.
– Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին.
– Արցախեան հիմնահարցի արդար լուծման.
– Հայաստանի ազգային ու պետական անվտանգութեան.
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.