ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Պատմութիւնը անողոք եղած է մեր ժողովուրդին հանդէպ՝ զայն կոտորելով եւ կոտորակելով: Կոտորել՝ ջարդեր, կոտորակել՝ բաժան-բաժան ընելով եւ ցրուելով երկրագունդի հեռու եւ մօտ անկիւնները: Յառաջացուցած են մտածելակերպ եւ հոգեբանութիւն. անհատապաշտութիւն, անմիջականի հետապնդում, հաւաքական զգացողութեան նուազում, վերապրելու համար ազգային ինքնութեան զիջում, մշակութային եւ ընկերային կեդրոնախոյս ընթացքներ: Կարելի է շարունակել բացասականութիւններու շարքը:
Դէմ յանդիման կը գտնուինք իրականութեան մը: Հայ ժողովուրդը ունի պետութիւն՝ Հայաստանի մէկ բեկորին վրայ, ուր կ՛ապրի ազգի մէկ երրորդը: Ի՞նչ են նախատեսութիւնները հանրապետութենէն դուրս գտնուող ՀԱՅԱՍՏԱՆի եւ ԱԶԳԻ ԵՐԿՈՒ ԵՐՐՈՐԴի ապագային համար: Հայաստանի Հանրապետութիւնը յստակութեամբ պէտք է յայտարարէ միասնաբար ըմբռնուող զոյգ հարցերու հետապնդման եւ լուծման ռազմավարութիւնը եւ իր մշակած մարտավարութիւնը: Ինչպէս անցեալին հայ կուսակցութիւն մը արձանագրած էր, որ Խորհրդային Հայաստանով հասած է իր նպատակին, այսօր Երեւանի իշխանութիւնները պէտք է ըսեն, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պահպանումէն եւ զարգացումէն անդին այլ նպատակ չունին՝ նկատի ունենալով միջազգային իրադրութիւնները, ուժերու դասաւորումը եւ այլ ազդակներ, կամ ունին՝ մեկնելով Հայոց Հայրենիքի ազատագրութեան կենսական եւ բարոյական հրամայականէն:
Նոյն հարցումը, քիչ մը տարբեր բանաձեւումով, հարկ է ուղղել Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման պատճառներով կազմուած հայկական սփիւռքներուն, ինչու ոչ նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրող հայրենահանուածներու ժառանգորդներուն: Սփիւռքները կը գտնե՞ն, որ իրենք հասած են իրենց նպատակին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով, ընելիք ունի՞ն, թէ՞չունին իրենցմէ խլուած երկիրը ունենալու համար, սփիւռքներու կացութիւնը կը համարե՞ն վերջնական: Տեղ մը կա՞յ ռազմավարութիւն մը, կա՞յ մարտավարութիւն մը:
Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտարարէ, որ ունի ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն, ի՞նչ դեր կը վերապահուի սփիւռքներուն, այս վերջինները ի՞նչ դեր կ՛ուզեն ստանձնել: Եթէ ան յայտարարէ, որ նման ռազմավարութիւն եւ, հետեւաբար, մարտավարութիւն օրակարգ չեն իրեն համար, ի՞նչ պիտի ըսեն եւ ընեն սփիւռքները, որոնք, երբ վերստին չէր անկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, զանազան ձեւերով, ներառեալ՝ զինուորական բնոյթի, պայքար կը մղէին՝ պահանջելով բռնագրաւեալ Հայաստանի ազատագրումը, վերադարձի փիլիսոփայութենէ ներշնչուած ճառեր կը խօսուէին:
Աւելի պարզ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը հողահաւաքի եւ հայահաւաքի ծրագիր ունի՞: Սփիւռքներու հետ յարաբերութիւնները այս հարցումին պատասխան չեն: Ներկայացուած հարցին յարաբերաբար անոնք սոսկ միամտութիւնները եւ բարեմտութիւնները շահագործող placebo են, անհետեւանք հրավառութիւններ: Սփիւռքները եւս հեռանկար չունին, անոր բացակայութեան, մշակուող զգացական հայրենասիրութեան եւ անվտանգ բարեսիրութեան յանձնուած են՝ մոռնալով իրենց ազգային եւ մարդկային իրաւունքը հետապնդելու պարտքը, այլասերման տանելով ազգի իրաւութիւնը: Ղեկավարութիւնները ինչո՞ւ այս գոյութենական խնդիրներով չեն ներկայանար սփիւռքներու ժողովուրդին: Այս քաղաքական իրաւ խօսքի բացակայութեան, իրենց իսկ յանցանքով, կ՛աճին ազգային հեռանկար չունեցող «ծագումով հայ» հաւաքականութիւններ, որոնք հետզհետէ կը կորսնցնեն ազգի հարազատ անդամութիւնը:
Խանդավառող խօսքի մեր ակնկալութիւններուն հակառակ ուղղութեամբ կ՛ընթանան այս մտածումները, որոնք կը ներշնչուին քաղաքական հրապարակին վրայ հնչող գաղափարներէ, առաջարկներէ, որոնց կը տրուին զիջում, փոխզիջում, առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու ստեղծում անունները: Ամերիկացի դիւանագէտը կը պահանջէ, որ Լիզպոնի համաձայնութիւնները յարգուին, եւ ազատագրուած Արցախը վերադառնայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, Ատրպէյճան կը յայտարարէ, որ միլիառներ պիտի տրամադրէ փախստական-գաղթականները վերաբնակեցնելու համար:
Բայց ոչ ոք կը խօսի Սեւրի դաշնագիրը գործադրելու մասին, Պաքուի կէս միլիոն հայերու վերադարձի եւ հատուցման մասին, Սումկայիթի, Պաքուի եւ այլ վայրերու ցեղասպանական եւ ցեղապաշտական բնոյթով ոճիրները դատարան տանելու մասին:
Թէ ամերիկացի դիւանագէտը չ՛արծարծեր այս խնդիրները, իր դերին մէջ է՝ որպէս հայ ազգը իրաւազրկած թուրքերու դաշնակից երկրի ներկայացուցիչ, բայց ի՞նչ կը բանինք մենք, Երեւան եւ սփիւռքներ: Այս վերջինները հոգեմաշ կ՛ըլլան Ցեղասպանութեան ճանաչման անվաղորդայն եւ անբովանդակ հետապնդումով եւ համահայկական հիմնադրամով:
Տեղ մը օրակարգ է՞ հողահաւաքը եւ հայահաւաքը:
Այս հարցումին պատասխանը ո՛չ աթոռներն են եւ ո՛չ ալ աթոռակները, ո՛չ ալ այս կամ այն յայտնի եւ նուազ յայտնի հայ կամ օտար անձնաւորութիւններու հետ լուսանկարները:
Այս մտածումները հարկ է կրկնել, վերսկսիլ անոնց կրկնութիւնը, այն յոյսով, որ եթէ արդէն ուշ չէ, կը բացուին խցուած ականջները, որպէսզի բարեսիրութենէ եւ երեւելիութենէ անդին, իրաւունքի հետապնդման պայքար մղենք:
Յակոբ Պալեան յայտնի հրապարակագիր է եւ «Բագին» գրական հանդէսի գլխաւոր խմբագիրը: