ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Զաման».- Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միտող արձանագրութիւններուն շուրջ Թուրքիոյ մէջ ներքին քննարկումներու ծիրէն ներս, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու անցած շաբաթավերջէն սկսեալ հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մեհմէտ Ալի Շահինի, Հանրապետական ժողովրդային, Երջանկութիւն, Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ, եւ նկատի ունենալով, որ ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տէվլէթ Պահչէլի մերժած էր հանդիպումը՝ Տաւութօղլու հանդիպած է անոր տեղակալին հետ:
Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ Տաւութօղլուի հետ իրենց հանդիպման ընթացքին Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ընթացքը կապած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարատութեան կարգաւորման հետ։ Անոնց մտահոգութիւնը մեղմացնելու նպատակով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուցած է, որ «Մենք մեր ատրպէյճանցի եղբայրները տխրեցնող քայլ մը պիտի չառնենք։ Անոնք անմիջականօրէն տեղեակ կը պահուին ամբողջ գործընթացին մասին եւ այդ մէկը առաջուան պէս պիտի շարունակուի»։
Հետաքրքրական է նաեւ, որ Տաւութօղլու շփոթեցնող յայտարարութիւն մը կատարած է, երբ ըսած է, թէ արձանագրութիւնները Հոկտեմբեր 13ին պիտի ստորագրուին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ, սակայն խորհրդարանի վաւերացումը ապահովելու քայլ պիտի չառնուի, «մինչեւ որ հայերը չհեռանան Լեռնային Ղարաբաղէն»: Յայտնի չէ, եթէ այս պարագային, արձանագրութեանց մէջ ճշդուած կէտերը պիտի գործադրուի՞ն, թէ ոչ:
Տաւութօղլու որոշած է խորհրդակցութիւնները շարունակել «Ֆըթըր»ի տօնէն ետք:
«Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Տէնիզ Պայքալ Տաւութօղլուի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնած է, որ «Արձանագրութիւնները լաւ հաւասարակշռուած չեն։ Թուրքիա ինքզինք ճնշումներու թիրախ դարձուցած է»։ Պայքալ աւելի յստակ նախապայմաններ պահանջած է, այլապէս՝ «Անոնք (հայերը) պիտի չհրաժարին Ցեղասպանութեան իրենց պնդումներէն։ Անոնք ներխուժումին վերջ տալու հարցով ոտքերնին գետին պիտի քսեն»։
«Աքշամ» գրած է, թէ Տաւութօղլուի հանդիպումները ապարդիւն էին, որովհետեւ ան չէ կրցած տարհամոզել ընդդիմադիր կուսակցութիւնները: Ըստ թերթին, նախարարը նախքան արձանագրութեանց վաւերացումը, պահանջած է նաեւ Հայաստանի կողմէ Կարսի պայմանագրին ճանաչումը: