ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին յայտնած է, թէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի, ֆրանսացի եւ ռուս համանախագահներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի ատենապետի ներկայացուցիչին հետ:
Ռուս համանախագահը աւելցուց, թէ հանդիպումը առիթ մը պիտի ըլլայ, որ ան ծանօթանայ ամերիկացի նոր համանախագահ Ռապըրթ Պրետթքիի հետ: Անոր համաձայն, խորհրդակցութեանց գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն յաջորդ հանդիպումը, որ կրնայ տեղի ունենալ Հոկտեմբեր 10ին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Հոկտեմբեր 13ին հաւանաբար ստորագրուելիք արձանագրութիւնները դերակատարութիւն պիտի ունենա՞ն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու գործընթացքին վրայ, Մերզլիաքով յայտնեց, թէ այդ արձանագրութեանց մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին ակնարկութիւն չկայ:
Եօթը տարի առաջ այս պաշտօնին նշանակուած ռուս համանախագահը նաեւ յայտնեց, թէ տարեվերջին պիտի հեռանայ իր այս պաշտօնէն, սակայն աւելցուց, թէ ցարդ իրեն յաջորդողը չէ որոշուած: