ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Չորեքշաբթի օր, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ի՛ր իսկ շահերէն մեկնած՝ պէտք է զգաստանայ եւ չստորագրէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առնչուող փաստաթուղթերը, այլապէս՝ ան կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը:
«Որքան խորանում ենք այս արձանագրութիւնների տեքստի մէջ, թւում է, որ սա պարտադրուած պայմանագիր է, թւում է, որ հայկական կողմը չի բանակցել, այլ ընդունել է փաստաթուղթը: Կարծում եմ, որ ինքը (Սերժ Սարգսեանը) հէնց իր շահերից ելնելով, պէտք է վերջապէս զգաստանայ եւ հրաժարուի ստորագրելուց: Պատասխանատուութեան հարց գոյութիւն ունի: Այդ պատասխանատուութիւնը ինքը պէտք է կրի: Այս ժողովուրդը վերջ ի վերջոյ այդ պատասխանատուութեան կանչելու է իրեն, եւ գինը ծանր է լինելու», յայտնած է Մարգարեան:
«Այս ամբողջ դժգոհութիւնները, որոնք այս երկրում կան՝ սոցիալական վիճակ, անարդարութիւններ… Այս ամբողջ իրավիճակը, որ գոյութիւն ունի, սա (հայ-թուրքական արձանագրութիւններին առնչուող հարցը) այն կաթիլն է, որ յորդելու է բաժակը», աւելցուցած է ՀՅԴի ներկայացուցիչը:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, իր կարգին, «Ազատութեան» թղթակիցին յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը մասնակցելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւիրած խորհրդակցական հանդիպումին՝ պիտի փոձէ պարզել, եթէ կարելիութիւն կայ փաստաթուղթին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու:
Եթէ պարզուի, որ փաստաթուղթերը փոփոխութիւններու ենթակայ չեն, ապա, Ռուստամեանի համոզումով, կը նշանակի, որ անոնք պարտադրուած են հայկական կողմին:
«Ուրեմն մեր գնահատականն էլ պէտք է ելնի հէնց դրանից. ինչո՞ւ հասանք նրան, որ մեզ հնարաւոր եղաւ այսպիսի բան պարտադրել», աւելցուցած է Արմէն Ռուստամեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.