ՄԷՏՖԸՐՏ, Մէսէչուսէց.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26ին, «Թաֆթս» համալսարանի Օրէնքի եւ դիւանագիտութեան «Ֆլէչըր» դպրոցին նախաձեռնութեամբ, դպրոցի «Քէպըթ» շէնքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը:
Առաջին նիստին (կ.ա. ժամը 9:30-11:15) նիւթն է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մարտահրաւէրներն ու կարելիութիւնները՝ շրջանային նոր իրադարձութեանց լոյսին տակ». զեկուացբերներն են՝ փրոֆ. Ասպետ Քուչիկեան («Պէնթլի» համալսարան), Ռուբէն Շուկարեան («Ֆլէչըր»), Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոս Էլին Սուլէյմանով եւ Թալէ Զիատով (Ատրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիա, ԱԴԱ):
Երկրորդ նիստի (կ.ա. ժամը 11:30-կ.ե. ժամը 12:50) նիւթն է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը՝ Ռուսիա-Վրաստան պատերազմի լոյսին տակ». զեկուացբերներն են՝ Ֆարիզ Իսմայիլզատէ (ԱԴԱ), Գայեանէ Նովիքովա (Երեւանի Ռազմագիտական վերլուծումներու կեդրոն) ու Կիւլշան Փաշաեւա (Պաքուի Ռազմագիտական վերլուծումներու կեդրոն):
Երրորդ նիստի (կ.ե. ժամը 2:00-3:40) նիւթն է՝ «Հակամարտութեանց լուծման մօտեցումներ». զեկուցաբերներն են՝ Էրքին Կատիրլի (Պաքուի պետական համալսարան), Թապիպ Հուսէյնով (Միջազգային տագնապներու խմբակ), Արսէն Խարաթեան («Ամերիկայի ձայն») ու Մարկարիթա Թադեւոսեան («Ճորճ Մէյսն» համալսարան):