ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօրուան մեր լրատուութեան մէջ կը կարդաք Թուրքիոյ վարչապետին յայտարարութիւնը՝ թէ՛ Ղարաբաղի հարցին եւ թէ հայկական Սփիւռքին ուղղուած անոր գնահատման մասին:
Ուրախ ենք, որ հայկական պաշտօնական հակազդեցութիւնը բաւական արագ ու ժամանակին հրապարակուեցաւ, ի բերանէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի:
Պատասխանելով «Փանորամա» հայկական լրատուական գործակալութեան թղթակիցի այն հարցումին, թէ՝ «Թուրքիայի վարչապետը յայտարարել է, թէ մինչեւ չլուծուի ղարաբաղեան խնդիրը, հայ-թուրքական սահմանը չի բացուի, եւ նաեւ անյարգալից արտայայտութիւններ է անում հայկական Սփիւռքի հասցէին: Ի՞նչ կ՛ասէք այդ կապակցութեամբ», Նալբանդեան պատասխանած է.
«Փորձելով կապել այդ երկու գործընթացները՝ կարելի է ձախողել թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը: Նոյն դիրքորոշումն ունեն բազմաթիւ երկրներ, այդ թւում՝ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրները, որոնք բազմիցս յայտարարել են, որ Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորումը պէտք է լինի առանց նախապայմանների:
«Այս փոխըմբռնմամբ ենք մենք սկսել եւ վարել բանակցութիւններն ու եկել փոխհամաձայնութիւնների, որոնք արտացոլուած են նախաստորագրուած արձանագրութիւններում:
«Եթէ Թուրքիայի ղեկավարութիւնը խնդիրներ ունի՝ կապուած փաստաթղթերի ստորագրման հետ, ապա չպէտք է փորձի դրանք լուծել նախաստորագրուած փաստաթղթերի ոգուն, տառին եւ նպատակներին հակառակ:
«Համաձայնեցուած փաստաթղթերի ստորագրումը եւ նրանց իրագործումը բարդութիւններով լի գործընթաց է: Սակայն Հայաստանը պատրաստ է յարգել պայմանաւորուածութիւնները՝ առաջ գնալու համար:
«Եթէ ժամանակակից Թուրքիայի իշխանութիւնները պատրաստ չեն այսօր ընդունելու Օսմանեան կայսրութիւնում իրականացուած Ցեղասպանութեան փաստը, ապա առնուազն պարտաւոր են յարգալից լինել Ցեղասպանութիւնը վերապրածների եւ նրանց զաւակների հանդէպ»:
Նախ, երանի Էրտողանի այս յայտարարութիւնը վերջապէս բանայ մեր պետութեան գլուխը կանգնած այրերուն աչքերը, որպէսզի անոնք անդրադառնան, թէ այդ ստորագրութիւնները, անոնց հրապարակումը, այլ նպատակներ կը հետապնդեն:
Երկրորդ, ուրախ ենք, որ արտաքին գործոց նախարարը հանդէս կու գայ վիրաւորուած պատուախնդրութեամբ եւ յարգանք կը պահանջէ Թուրքիոյ իշխանաւորէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան արդիւնք Սփիւռքի զաւակներէն:
Բայց նաեւ Հայաստանի նախարարը պէտք է յստակացնէ, թէ Էրտողան իր յայտարարութեամբ ու իր պետական քաղաքականութեամբ կը վիրաւորէ համայն հայ ժողովուրդը, այլ ոչ միայն սփիւռքահայութիւնը:
Վերջապէս, Նալբանդեան պէտք է կանգնի ճիշդ դիրքի վրայ՝ այդ յայտարարութեան իբրեւ բնական հակազդեցութիւն՝ Թուրքիայէն պահանջելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն հանդէպ յարգանքը կ՛արտայայտուի միայն ու միայն Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումով ու պատասխանատուութեան ստանձնումով: