ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Աւետիք Իզմիրլեանէն եւ Ժան Գոսաքեանէն, Երեքշաբթի օր, հայ-թրքական արձանագրութեանց ստորագրման դէմ ձեռնարկուած արշաւին ծիրէն ներս, հանդիպեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովիւ վեր. Ճօ Մաթոսեանի եւ Խորհուրդի դիւանի անդամ Զաւէն Խանճեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ ներկայացուցիչները հանգամանօրէն զեկուցեցին հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումը կասեցնելու գծով՝ ցարդ տարուած աշխատանքներուն մասին:
Հանդիպման մասնակիցները համաձայնեցան, որ արձանագրութիւններու ստորագրման այս արշաւը պէտք է շարունակուի առաւել մեծ թափով եւ պէտք է յառաջ տարուի ազգային միասնական ճակատով: