ՄՈՆԹԵՊԷԼԼՕ.- Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով առաջադրուած արձանագրութիւներուն ստորագրութեան հաւանականութենէն ու անոնց հետեւանքներէն խորապէս մտահոգ է, նկատի ունենալով, որ այդ արձանագրութիւնները կը պարունակեն այնպիսի տրամադրութիւններ, որոնք խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն հայութեան կենսական շահերը եւ կը վտանգեն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին ապահովութիւնը:
Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, թէ երկու երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու գաղափարին համաձայն է, սակայն ոչ հայութեան պատմական իրաւունքներու ոտնակոխման գնով:
Այս հարցերը քննելու համար, յանձնախումբը որոշած է ժողովրդային հաւաք մը կազմակերպել Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, գաղութին աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար արձանագրութեանց բովանդակութիւնը ու անոնց հետեւանքները, ինչպէս նաեւ իմանալու գաղութին տեսակէտները՝ այս հարցերուն կապակցութեամբ:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպէլլոյի Հայ Կեդրոնին մէջ (420 W. Washington Blvd.):