ՎԻԵՆՆԱ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի հովանիին տակ գործող Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25ին հաղորդեց, թէ Երկուշաբթի օր ստացուած նամակով մը տեղեկացած է, թէ Իրան գործի լծած է իւրանիում հարստացնելու նոր կեդրոն մը՝ պնդելով, թէ անոր արտադրութիւնը պիտի գործածուի միայն ուժանիւթի արտադրութեան համար:
Իրան յաւելեալ տեղեկութիւններ չէ տուած կեդրոնին մաին, որ ըստ երեւոյթին, տարիներէ ի վեր կը գործէ, եւ որուն հետեւանքով Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարները Ուրբաթ օր Փիթսպըրկէն խստօրէն քննադատեցին հիւլէական նոր կեդրոն մը բանալու Թեհրանի քայլը, պնդելով, թէ այդ մէկը պիտի բարդացնէ հիւլէական զէնքերու արտադրութեանց առաջք առնելու նպատակով՝ Իրանի ու միջազգային համայնքին միջեւ բանակցութիւնները: