ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սթար» թերթին մէջ, Էրկուն Պապահան կը նկարագրէ Աուշվիցի կեդրոնացման ճամբարին իր տուած այցելութեան տպաւորութիւնները: Հրէական ողջակիզման մասին գրելէ ետք, ան կ՛աւելցնէ, թէ վայրը ներկայիս թանգարանի վերածուած է, որպէսզի մարդիկ նային ու մտածեն, թէ ինչե՜ր եղած են պատմութեան մէջ: «Պայման է, որ մարդիկ դաս քաղեն պատմութենէն, որովհետեւ պատմութիւնը մարդկութեան մեծ դպրոցն է», կը գրէ Պապահան։
Էրկուն Պապահանի յօդուածին վերջին տողերը յատկանշական էին։ Ան կը գրէ. «Իրական քաջութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը կ՛անցնին անցեալի որքա՛ն հպարտացուցիչ, նոյնքա՛ն նաեւ ամօթալի ու մութ էջերը տեսնելու ու անոնցմէ դաս քաղելու ճամբէն։ Օգտակար է, որ այս տեսանկիւնէն նայուի նաեւ Հայկական Հարցին»։