Ամէն տարի սովորութիւն դարձած պատանեկան մարզական խաղերը լաւագոյն առիթը կ՛ընծայեն մեր պատանիներուն՝ քով-քովի գալու եւ մարզական խաղերու եւ մրցումներու ընդմէջէն, միասին ստեղծելու ընկերային հասկացութիւն եւ դաստիարակութիւն, որ իրենց շինիչ եւ անջնջելի ազդեցութիւնները կը ձգեն ամէն մէկ պատանիի վրայ:
Պատանեկան Ընդհանուր վարիչ մարմինին կողմէ կազմակերպուած այս խաղերը տեղի կ՛ունենան Սեպտեմբեր ամսուն ընթացքին:
Պատանիներ՝ տարբեր շրջաններէ, իրենց պատասխանատուներու հսկողութեամբ կը մասնակցին մարզական խաղերուն: Այս տարի այս խաղերը տեղի ունեցան «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանի Նորթ Հիլզի համալիրին մէջ, Սեպտեմբեր 19ին:
Վեց շրջաններէ ժամանած 250 պատանիներ, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8, ներկայ գտնուեցան համալիրին մէջ եւ իրենց ամբողջ Շաբաթ օրը տրամադրեցին խաղերուն: Մարզախաղերու բացումը կատարուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով: Պատանիները մասնակցեցան, խաղացին, յաղթեցին, պարտուեցան, ուրախացան, տխրեցան… սակայն, այն ինչ պարզ էր՝ անոնք իրենց յուշերուն մէջ ստեղծեցին անմոռանալի պահեր. յիշատակներ, որոնք իրենց հետ պիտի ապրին մինչեւ իրենց կեանքին վերջը եւ իրենց պիտի յիշեցնեն խմբային եւ ընկերային կեանքի հաճոյքներուն մասին:
Պատանիները մրցակցեցան կողովագնդակի (պասքեթպոլ), ձեռնագնդակի (վոլիպոլ), ոտնագնդակի (սոքքըր) եւ պէյքընը գողնալու (սթիլ տը պէյքըն) խաղերուն մէջ: Խանադավառութիւնը բոլոր մարզաձեւերու մրցութիւններուն մէջն ալ զգալի էր: Պատանիները, լաւ հասկնալով խաղերու ընկերային բնոյթը՝ թէ՛ կը խաղային, թէ՛ կը մրցէին եւ թէ միմիանց կ՛օգնէին: Հաճելի էր տեսնել այս պարման-պարմանուհիներուն, ապագայ սերունդին, հայեցի ոգին, որ երբեմն-երբեմն կ՛արտացոլար իրենց երգերուն եւ պարերուն ընդմէջէն: Իսկ այս տարի, մարզանքով չհետաքրքրուածներուն համար ստեղծուած էր նաեւ ձեռային աշխատանքի անկիւն մը՝ առիթ տալով այս պատանիներուն զբաղելու ձեռային աշխատանքներով եւ արտացոլելու արուեստին հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնն ու սէրը:
Պատանեկան մարզախաղերուն օրը ոչ միայն մարզական օր է պատանիներուն համար, այլ՝ տօնախմբութեան եւ խանդավառութեան օր:
Օրուան վերջը մարզախաղերուն մէջ յաղթած խումբերը ստացան յաղթանակի բաժակներ, ապա յաջորդեց դրօշակի արարողութիւնը՝ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ: Այնուհետեւ, հաւաքական ընթրիքով եւ խրախճանքով, պատանիները աւարտեցին իրենց երեկոն՝ հրաժեշտ տալով եւ նորէն հանդիպելու լռելեայն խոստումով ու համոզումով: