ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի նախագահը Սփիւռքը կը փորձէ համոզել, որ անկախ անկէ, թէ ի՛նչ գրուած է արձանագրութեանց մէջ, հայկական կողմը երբե՛ք թոյլ պիտի չտայ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի ենթարկող քայլ մը առնուի: Որեւէ յանձնաժողովի կամ ենթայանձնաժողովի մէջ պատմաբան իսկ չըլլալու հաւաստիքներ տուած է նախագահը:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեքշաբթի օր, նախքան դէպի Ֆրանսա իր կատարելիք այցելութիւնը, հրապարակային կերպով կը հրաւիրէ ֆրանսացի պատմաբաններ՝ մաս կազմելու յանձնաժողովի մը, որ պիտի քննէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «վերագրումները»:
Հայաստանի նախագահը նաեւ Սփիւռքը կը փորձէ համոզել, որ արձանագրութիւններու ստորագրման գործընթացը ոչ մէկ առնչութիւն ունի Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով տարուող բանակցութեանց հետ: Իբրեւ յաւելեալ փաստարկու-թիւն, կը վկայակոչուին ամերիկեան բարձրագոյն պաշտօնատարներու հաւաստիացումները կամ յորդորները այդ ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ հրապարակային հաւաստումներով կը փորձէ Ատրպէյճանը համոզել, թէ անկախ անկէ, թէ ի՛նչ գրուած է արձանագրութիւններուն մէջ, Թուրքիա երբե՛ք վնաս պիտի չտայ Ատրպէյճանի, եւ Հայաստանի հետ սահմանները պիտի բանայ միայն, եթէ Ղարաբաղեան հարցը լուծուի ի նպաստ Ատրպէյճանի, անոր տարածքային ամբողջականութիւնը երաշխաւորող սկզբունքներու հիման վրայ:
Այս հայ-թրքական իրերամերժ յայտարարութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան արձանագրութիւններուն վրայ:
Արձանագրութիւններու ստորագրման օրն ու ժամը պաշտօնապէս պիտի հրապարակուէին Երկուշաբթի օր, սակայն մինչեւ երէկ կէսօր, տակաւին այդ մասին միայն ենթադրութիւններ հրապարակուած են մամուլին մէջ:
Ստորագրման թուականի յետաձգման մասին խօսք չկայ: Սակայն, կան երկկողմանի անհամաձայնութեան մասին ենթադրութիւններ:
Օրինակ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ակնարկած էր արձանագրութեանց ստորագրման արարողութեան՝ Մինսկի խումբի համանախագահներու ներկայութեան մասին:
Ըստ որոշ աղբիւրներու, Հայաստան ընդդիմացած է Մինսկի համանախագահները սոյն արարողութեան հրաւէրին գծով, նկատի ունենալով, որ նման բան մը յաւելեալ կասկածի տակ պիտի դնէ երկու գործընթացները իրարմէ անջատ ըլլալու պնդումները, որոնք կը կատարուին հայ պաշտօնատարներու կողմէ:
Միայն այս նշուած հակասութիւնները բաւարար պէտք է ըլլային՝ հայկական կողմին մօտ արձանագրութիւններու ստորագրումը յետաձգելու տրամադրութիւն յառաջացնելու:
Սակայն, այնպէս կը թուի, որ հայկական կողմը որոշած է փոխանակ ստորագրումը յետաձգելու՝ անտեսել թրքական կողմէն գիտակից ու բացայայտ կերպով ստեղծուած խոչընդոտները, եւ իր հակաճառութիւնները կատարել ստորագրումի արարողութենէն ետք սկսող գործընթացին ժամանակ:
Ինչո՞ւ: Ստորագրումը առանձին ի՞նչ կու տայ Հայաստանի: Ուշացած հակաճառութիւնները չե՞ն իմաստազրկուիր եւ ուշացումը ինքնին չ՛օգտագործուի՞ր Հայաստանի դէմ յետագայ բանակցութիւններու ընթացքին: Աւելին, Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի խոստովանի՞ն տեղ մը, թէ ներազգային եւ միջազգային գետնի վրայ որքա՛ն վնաս պատճառեց այս գործընթացը մինչեւ այսօր, եւ տակաւին ամէն օր, կորուստները թաւալող ձիւնագնդակի պէս կը մեծնան:
TSAYRAKOON SDAKHOSNER,KHAPEPANER,ZERBARDNER ZORN ASEM
ZORN KHOSDOVANEM, ASONK ARZHANI CHEN MARTKOOTIAN YEV
HAY ZHOGHOVOORTIE GERBARANKIN AYL TSAYRAOON TAVAJANER
ASDVATS OKNE MER NOR SEROONTIN