ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Էյ.Փի.».- 1996էն ի վեր Փասատինայի ոստիկանապետ Պեռնարտ Մելէքեան, Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Էրիք Հոլտըրի կողմէ նշանակուած է արդարադատութեան նախարարութեան Համայնքային ոստիկանական ծրագրի գրասենեակի ղեկավար, եւ իբրեւ հետեւանք՝ ան հրաժարած է ոստիկանապետի պաշտօնէն: Ան իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ քանի մը շաբաթէն: Ան 23 տարի մաս կազմած է Սանթա Մոնիքայի ոստիկնապետութեան եւ արժանացած է շարք մը շքանշաններու: