ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄի Սկաուտական տարեկան ընդհանուր բանակումները անհամբերութեամբ կը սպասուին մասնաճիւղերու սկաուտական բաժանմունքներուն կողմէ: Բանակումներու միջոցաւ, ՀՄԸՄի քոյր-եղբայրները ոչ միայն իրենց գիտելիքներու գործնականը կը կատարեն, այլեւ առաւել կը մտերմանան անոնց՝ ընդարձակելով իրենց ընկերային մաքուր շրջապատը, որ յատկապէս այս օրերուն էական պահանջք է:
Շրջանի ՀՄԸՄին ծնունդ տուած Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի տարեկան բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ 16-23 Օգոստոս, 2009ին, Մոնրովիոյ ամերիկեան սկաուտութեան (BSA) «Թրասք» բանակավայրին մէջ:
Կիրակի, 16 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10ին, բանակողները արդէն իսկ բանակավայր հասած էին եւ առաջին հերթին բանակավայրի դասաւորումը կատարելով՝ վրանները լարած էին որոշուած վայրերը: Բանակումի առաջին դասախօսութիւնը բանակումի օրէնքներուն փոխանցումն էր, որ լիարժէք իրագործուեցաւ բանակումի ամբողջ տեւողութեան:
Բանակումի վերջին երեք օրերուն, բանակողներուն միացան նաեւ կակուղ թաթիկներու խմբակները, որոնց անդամները առաջին անգամ ըլլալով, իրենց ծնողներէն հեռու, բնութեան մէջ բանակեցան:
Բանակումի ընդհանուր պատասխանատուն, մասնաճիւղի խմբապետ Անդրէաս Հինտոյեանն էր, իսկ փոխպատասխանատուները՝ Միաւորի խմբապետներ Գոհար Մամպրոյեան ու Արշակ Շահինեան: Բանակումի ընդհանուր աշխատանքներուն իրենց օգտակար ներդրումը ունեցան գայլիկ-արծուիկ եւ արի-արենոյշ խումբերու պատասխանատու կազմերը: Իսկ խոհանոցի բաժնի պատասխանատուութիւնը վստահուած էր բանակումին համար նշանակուած յատուկ օժանդակ մարմինի մը, որուն անդամ նշանակուած էին Անդօ Չրչեան (Օժանդակ պատասխանատու), Համբիկ Հաւանճեան, Վարդգէս Փանոսեան, Ռաֆֆի Պարտաքճեան, Գրիգոր Տէմիրճեան եւ Սագօ Ճինպաշեան: Օժանդակ մարմինին մօտ վարչութեան կապն էր Տօնիկ Սարգիսեանը: Այս մարմինի նշանակումը մեծապէս դիւրացուց բանակումի պատասխանատու կազմին աշխատանքները, որոնք առաւել կեդրոնացան բանակումի դաստիարակչական եւ գործնական կողմերուն վրայ:
Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ բանակումին մօտէն հետեւեցան սկաուտ ներկայացուցիչներ Գօգօ Սարգիսեան եւ Արի Պոյաճեան:
Չորեքշաբթի, 19 Օգոստոսի երեկոյեան, բանակավայր այցելեցին Շրջ. վարչութեան եւ Շրջ. սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչները, ու մասնակցեցան բանակումի խմբային ընթրիքին, մասնաճիւղի վարչութեան ժողովին եւ այնուհետեւ՝ օրուան խարուկահանդէսին, եւ գոհունակութեամբ մեկնեցան բանակավայրէն:
Ամիսներու նախապատրաստութիւն պահանջած գեղեցիկ այս բանակումը ունէր իր յատուկ օրէնքները, որոնցմէ առաջինը հայերէն խօսելու պարտադրանքն էր: Բանակավայրը ունէր իր պատի թերթը, բուժարանը, պահեստանոցը եւ մանաւանդ ձայնասփիւռի կայանը: Ամէն օր նաեւ կը հրատարակուէր բանակումին թերթը: Իսկ բանակումը յատկանշող նկարները օրը օրին կը տեղադրուէին մասնաճիւղի կայքէջին վրայ:
Բանակումի ամէնօրեայ սովորական աշխատանքներն էին զարթնում, մարզանք, վրաններու քննութիւն, դրօշակի արարողութիւն, օրուան յայտարարութիւններ եւ նախաճաշ, որոնք կ՛իրագործուէին առաւօտեան ժամը 7-9:30: Բանակումի գործնական յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէր առաւօտեան ժամը 9:45ին, գայլիկ, արծուիկ, արի եւ արենոյշ բաժանումներու չորս ենթաբանակավայրերու մէջ:
Գայլիկ-արծուիկ բաժանումներու ծրագիրները նոյնանման էին: ՀՄԸՄի, նախնական դարմանումի եւ բանակումի առնչուող կարեւոր նիւթերէն բացի, անոնք կը զբաղէին զանազան աշխատանքներով. ձկնորսութիւն, նետ ու աղեղ, քայլարշաւ, Obstacle Course, հետախուզական նշաններ, Սուլիչով հրահանգներ, հետաքրքրական շարժապատկերներու ցուցադրութիւն, խարոյկի պատրաստութիւն, խաղ ու կանչ եւ այլն:
Լայն ժողովրդականութիւն ունէր յատկապէս Գիմի խաղը: Յայտագիրին մէջ յատուկ տեղ վերապահուած էր Համբիկ Սասունեանի մասին դասախօսութեան, որուն աւարտին գայլիկ-արծուիկ բանակողները առանձին նամակներ գրեցին ազգային մեր հերոսին:
Արի-արենոյշներու յայտագիրները հարուստ էին ազգային, սկաուտական, Հայ Դատի եւ կեանքի անհրաժեշտ գիտելիքներ փոխանցող բազմաթիւ դասախօսութիւններով, արշաւներով, ձեռային աշխատանքներով, երգ ու խաղերով:
Այս բանակումին, առաջին անգամ ըլլալով, գործադրուեցաւ Ամերիկեան սկաուտութեան «Merit Badge»ի ծրագիրը, որուն միջոցաւ բանակողները յաւելեալ անհրաժեշտ գիտելիքներ ամբարեցին:
Բանակումի իւրաքանչիւր օր եզրափակուեցաւ խարուկահանդէսներով, որոնց ընթացքին բանակողները գեղեցիկ առիթը ունեցան իրենց թաքուն ձիրքերն ու ստեղծագործութիւնները բացայայտելու:
Յատկանշական էր ծնողներու այցելութեան օրը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2009ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-10: Անոնք մօտէն ծանօթացան բանակումի մանրամասնութիւններուն, միացան բանակողներու խմբային հետաքրքրական խաղերուն, ներկայ գտնուեցան բանակումի դրօշակի եզրափակիչ արարողութեան, անոր յաջորդող վերջին խարուկահանդէսին եւ ընթրիքով հիւրասիրուեցան: Նոյն երեկոյեան, գայլիկ, արծուիկ եւ կակուղ թաթիկ խմբակները իրենց ծնողներուն հետ վերադարձան տուն:
Բանակումը ղեկավարող մասնաճիւղի խմբապետ Անդրէաս Հինտոյեանի սահմանումով, «Մասնաճիւղի տարեկան այս ընդհանուր բանակումը ազգային, սկաուտական եւ ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցումի կողքին, առիթ հանդիսացաւ նաեւ խումբերէն ներս հաւաքական աշխատանքի գործադրումին, համագործակցութեան ոգիի ներշնչման եւ ամենակարեւորը՝ սերտ մտերմութեան կապերու ամրապնդման: Բանակումի ընթացքին շեշտուեցան յատկապէս սկաուտական կեանքի իսկութիւնը եւ ՀՄԸՄի գաղափարախօսութիւնը»:
Յուզիչ էր բանակումի եզրափակիչ արարողութիւնը, որուն ընթացքին յանձնուեցան գնահատագրեր եւ փոխանցուեցան ոգեւորիչ պատգամներ՝ Շրջ. սկաուտական խորհուրդին, մասնաճիւղի վարչութեան եւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատուին կողմէ: Բանակումը իր աւարտին հասաւ Կիրակի, 23 Օգոստոսի կէսօրին: Ամբողջ ութ օրեր հայկական շունչով լեցուած բնութեան այս հրաշալիքը, մէկ ժամուան մէջ պարպուեցաւ եւ գեղեցիկ յուշ դարձաւ:
Բանակողները «Ցտեսութիւն» երգով հրաժեշտ առին՝ առաւել ոգեւորուած ազգային իրենց պարտականութիւնները կատարելու պատրաստակամութեամբ: