ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Տը Հիլ».- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10ին ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնել միտող արձանագրութիւններուն մէջ պատմական հարցեր քննող յանձնախումբի մը կազմութեան յիշատակումը քննադատուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահներ Ֆրէնք Փալոնի եւ Մարք Քըրքի, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի գլխաւոր հովանաւորներ Էտըմ Շիֆի եւ Ճորճ Ռատանովիչի կողմէ:
Քոնկրէսականները շեշտեցին, թէ անոնք կը բաժնեն այս կէտին շուրջ ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները: «Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու փոխարէն՝ Թուրքիոյ պէտք չէ արտօնութիւն տրուի վերաստեղծել իր պատմութեան սեւ էջերը: Նման արտօնութիւն մը մեղսակցութիւն պիտի ըլլայ զոհերու յիշատակի անարգանքին», ըսած են անոնք:
Քոնկրէսականները նաեւ կոչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին եւ այլ պաշտօնատարներու, որ օգտուին այս հարցերուն մէջ ամերիկահայութեան փորձառութենէն:
Շիֆ նաեւ աւելցուցած է, որ արձանագրութեանց ստորագրութիւնը չի նշանակեր, թէ Հայկակական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ճանաչումը ապահովելու պայքարը պիտի դադրի, եւ աւելցուց, թէ յաւելեալ քոնկրէսականներ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն աջակցելու բանաձեւին, գիտակցելով հանդերձ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն լոպպիական իրենց աշխատանքը՝ ձախողութեան մատնելու համար սոյն բանաձեւին վաւերացումը:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նապի Սէնսոյ ազդարարեց, թէ Ցեղասպանութեան նման բանաձեւի վաւերացումը վնաս պիտի հասցնէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքներուն:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներուն, ներկայիս Թուրքիոյ ի նպաստ լոպպիական աշխատանք տանողներու շարքին են Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Տէնիս Հէսթըրթ եւ Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատներու նախկին ղեկավար Ռիչըրտ Կեփհարթ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
HAY ZHOGHOVOURTIN ARZHANABADIVE VODNAKOKH YEGHAV
VAYRENIE TAVAJANER TURKIN AROUYNE GROGH . VERCHABES
NEBADAGIT HASSAR PROTOCOLNERE SDORAGRELOV FOOTBALLI
KHAGHIN AAL MASNAGIS ELAAS BIDI . HAY ZHOGHOVOURTIN BADVIN
HASHVIN 1.5 MILLION NAHADAGNEROUN HOKINEROO ARAVEL
HRAND DINKIN VOGHPERE POLORIT GIANKE KHELE.
TSAYRAKOON TAVAJANER BAYKARNIS HARADEV E TEBIE HAGHTANAK
LONG LIVE ARMENIA WITHOUT YOU
LONG LIVE ARMENIANS ALL OVER THE WORLD WITHOUT YOU