ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Մենք պատմութիւն չենք գրեր, մենք զայն կը կերտենք», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ՝ Պուրսայի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին:
Կիւլ նաեւ նշած է, որ պատմութիւնը մէկ օրուան մէջ չի ստեղծուիր, այլ երկարատեւ գործընթաց է: «Սակայն միասին՝ մենք կը յաղթահարենք դժուարութիւնները», աւելցուցած է ան:
«Armtoday.info» լրատու գործակալութիւնը այս հանդիպման մասին պատրաստած իր հաղորդումին մէջ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ նախագահը փորձած է անդրադառնալ Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին՝ նշելով, որ, Անգարայի կարծիքով, այդ գործընթացը պէտք է զարգանայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման զուգահեռ: Կիւլի խօսքերով, ըստ «Armtoday.info»ի հաղորդման, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ջանքեր կը գործադրեն հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ, իսկ Թուրքիան «ուշադրութեան կ՛արժանացնէ բոլոր կարծիքները, սակայն այդ հարցով կը զբաղի ինքնուրոյն կերպով»: Հայաստանի նախագահը, ըստ նոյն աղբիւրին, մերժած է մեկնաբանել Ղարաբաղեան հակամարտութեան թեման՝ յայտարարելով, որ կան աւելի կարեւոր հարցեր, օրինակ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները: Նշենք, որ այս հանդիպումէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ունեցած՝ լրագրողներու հետ զրոյցէն կ՛իմանանք, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին հրամցուած ճաշը պատրաստուած է Ապտուլլահ Կիւլի կնոջ կողմէ:
Նշենք նաեւ, որ ատրպէյճանցի եւ թուրք ծայրայեղականներ Պուրսայի մարզադաշտին առջեւ ցոյց կատարած էին ֆութպոլի խաղին ընթացքին: Նոյն այս ցուցարարները քար նետած են հայ լրագրողներու փոխադրակառքին վրայ:
THANK YOU BITLIS and SASSOUN!!!!!!!!!!!!!!!!