ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս սիւնակէն երէկ, «Նախագահական Վիրաւորանք» վերնագրուած ակնարկով, մենք ընդվզում արտայայտեցինք թրքական մամլոյ աղբիւրի մը կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին վերագրուած խօսքերուն դէմ, զորս վիրաւորական գտած էինք:
Նոյն սիւնակի եզրակացութեան մէջ նաեւ նշած էինք, թէ մեզ կը վիրաւորէ նախագահի պատրաստակամութիւնը՝ զոհ դառնալու թրքական բոլոր դաւերուն:
Փաստօրէն, մենք ալ նոյն դաւերէն մէկուն զոհ գացած էինք՝ հաւատալով «Սի.Էն.Էն. Թուրք» լրատուական գործակալութեան հաղորդագրութեան եւ հակազդելով անոր:
Արդարեւ, երէկ՝ Հինգշաբթի օր, նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ խօսնակ Սամուէլ Ֆերմանեան, ընդառաջելով «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի խնդրանքին՝ անդրադարձած է «Սի.Էն.Էն Թուրք»ի հաղորդումին եւ տուած է հետեւեալ հերքումը.
«Թուրքիա այցելութեան ընթացքում որեւէ ճեպազրոյց տեղի չի ունեցել. ՀՀ նախագահի կողմից որեւէ յայտարարութիւն չի հնչել: Իսկ, ժամանակագրութիւնը համեմատելով՝ ակնյայտ է, որ արձանագրութիւնների ստորագրման մասին որոշումը կայացուել է նախատեսուած վեցշաբաթեայ հանրային քննարկումների աւարտին, նախագահի համահայկական ուղեւորութեան եւ օրակարգային համապատասխան հարցով Ազգային անվտանգութեան խորհրդի նիստից յետոյ միայն: Այսպիսով, թուրքական մամուլի յիշատակուած հրապարակումը պարզ ապատեղեկատուութիւն է»:
Կ՛ողջունենք այս հերքումը՝ զայն համահունչ նկատելով նախագահ Սարգսեանի անցեալ Շաբաթ օրուան ուղերձի ոգիին, որով ան դիմած էր համայն հայ ժողովուրդին:
Այդ ուղերձին մէջ մենք նկատած էինք գովելի նախանձախնդրութիւն մը՝ Սփիւռք-Հայաստան միասնականութիւնը առաւել սերտացնելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ. բան մը, որ կարծէք աչքի փուշը դարձած է թրքական պետական եւ հասարակական շրջանակներուն:
Մենք ալ մեր սրբազան պարտքը կը նկատենք նպաստելը այդ միասնականութեան առաւել ամրապնդման: