ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ժամանակակից Միջին Արեւելքի հետազօտման Ս. Փեթերզպուրկի կեդրոնի փորձագէտ Ալեքսանդր Սոտնիչենքօ կը յայտնէ. «Կովկասի մէջ շատ բարդ ու նուրբ խաղ տեղի կ՛ունենայ ներկայիս։ Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումը ամբողջութեամբ փոխած է Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական կերպարանքը։ Արեւմուտքը այժմ վերածուած է գլխաւոր խաղաձողի եւ անոր ազդեցութիւնը պիտի աճի»։ Ըստ անոր, այդ արձանագրութիւնները այս պահուս ձեռնտու չեն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի։ «Չեմ գիտեր, թէ ինչ քայլերու պիտի ձեռնարկեն Ռուսիան ու Վրաստանը, սակայն Ատրպէյճանը պէտք է աւելցնէ արեւմտեան ուղղութեամբ իր դիւանագիտական գործունէութիւնը։ Հաւանական է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները աւելի սառն դառնան», ըսած է ան։
Անդրադառնալով Ռուսիոյ՝ փորձագէտը նշած է, որ այս քայլը լուրջ հարուած է Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութեան։ «Փաստացիօրէն, հաշտեցումը կատարուած է առանց Մոսկուայի մասնակցութեան, այլ միայն Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ եւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան ցանկութեամբ։ Այդ արձանագրութիւնները զգալիօրէն կը տկարացնեն Կովկասի մէջ ռուսական դիրքերը, կը նսեմացնեն Մինսկի խումբի հովանիին տակ իրականացող խաղաղարար գործողութիւնը», նշած է ան։
Սոտնիչենկքօ յայտնած է, որ «Թուրքիոյ մէջ շատ ուժեղ են Ատրպէյճանի դիրքերը եւ այդ պատճառով չեմ կարծեր, որ Էրտողանի կառավարութիւնը կը դիմէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացնելու վտանգաւոր քայլին։ Սակայն, միւս կողմէ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը գտնուի Արեւմուտքի ուժեղ ճնշումին տակ եւ կրկին ամէն ինչ կ՛երթայ դէպի Ղարաբաղի խնդիր»։
Ռուս փորձագէտը կը յայտնէ, թէ Անգարան դարձեալ պիտի փորձէ Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցութիւններ կատարել։ «Եթէ ատիկա բխի Անգարայի շահերէն, իսկ հիմնուելով ամէն ինչի վրայ՝ ատիկա կը բխի իր շահերէն, ապա սահմանի բացումը ժամանակի հարց է։ Սկզբունքօրէն թրքական հզօր տնտեսութիւնը պիտի կլանէ հայկական թոյլ տնտեսութիւնը եւ հնարաւոր է, որ ատիկա օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման։ Սակայն հնարաւոր է նաեւ, որ, Հայաստանը կոշտացնէ իր դիրքորոշումները»։