ԵՐԵՒԱՆ.- Թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան5 Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ թուրք հանրութիւնը եւս մտավախութիւններ ունի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու այն երեք կէտերուն վերաբերեալ, որոնք կը յուզեն հայութիւնը։ Ըստ Մելքոնեանի, այս մէկը կ՛ապացուցէ, որ արձանագրութիւնները դիւանագիտական լեզուով գրուած են եւ երկիմաստ մեկնաբանութեան առիթ կու տան։ Թրքագէտը ընդգծած է, որ Թուրքիոյ քաղաքական եւ հասարակական շրջանակները մտահոգուած են հիմնականին մէջ պատմական հարցերով ենթայանձնախումբին քննելիք հարցերով:
Մելքոնեան նաեւ լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ վերջերս վիճակագրութիւն մը կատարուած է եւ մասնակցողներուն 52 տոկոսը դէմ արտայայտուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման. միայն 28 տոկոսը համաձայն գտնուած է անոր: