ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր յետմիջօրէին, հայ դասական երեք կուսակցութիւններու եւ Միաւորուած հայ երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ցոյցի մը մասնակցեցանք, Կլէնտէյլի «Փելանքոնի փարք»ի յարակից փողոցի երկայնքին, ամէն տարիքի պատկանող հայ ցուցարարներու ընկերակցութեամբ։ Անմիջապէս կ՛ուզեմ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն ուշադրութեան յանձնել այն պարագան, թէ բարձրախօսներու տկարութեան պատճառով, ներկաները շնչահեղձ ըլլալու խտութեամբ սեղմուած ու բոլորուած էին բեմահարթակին շուրջ՝ օրուան պատգամը լսելու եւ հռետորներուն հետեւելու համար։ Բնական պայմաններու տակ ցուցարարներու զանգուածը իր կրկնակի ծաւալը կ՛ունենար Կլէնոքսէն մինչեւ Սան Ֆէրնանտօ երկարող պողոտային վրայ եւ պուրակին խորերը տարածուելով։
Այո՛, շնչահեղձ ըլլալու գնով ամբողջ երեք ժամ ոտքի կանգնող ցուցարարներու ծովածաւալ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ ցոյցերուն։ Եւ փոխանակ պարզուող այս գեղեցիկ երեւոյթին քաղաքական ճշգրիտ գնահատումը կատարելու, ինչ որ պարտաւոր էին ընել, հայրենի իշխանութիւնները սին փորձեր կատարեցին քալիֆորնիահայութեան ճիգերը նսեմացնելու՝ ցուցարարներուն թիւը կոտորակելով։ Իսկ անկողմնակալ դէտերու գնահատանքով, տասը հազարէն աւելի կարելի էր հաշուել քաղաքական հաւաքին մասնակցող ցուցարարներուն թիւը։
Գրութեանս մուտքին, «իր տեսակին մէջ իւրայատուկ» բացատրութիւնը գործածեցի՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, թէ ներկաներու ջախջախիչ մեծամասնութեան հետ քալիֆորնիահայ կեանքի տարեգրութեանց մէջ, ցարդ հակաթուրք ցոյցերու մասնակցած էինք։ Ինչպէս անցեալին, նաեւ այս պահուս շնչահեղձ ըլլալու գնով, ընտանիօք կանգնած էինք բեմահարթակէն յիսուն կամ հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, ու հայ եւ թուրք պետութիւններու միջեւ գաղտնօրէն զարգացող, այսպէս կոչուած՝ հաշտութեան բոլորովին միակողմանի «փրոթոքոլ»ին դէմ, քաղաքակիրթ հայ մարդու մեր զայրոյթը, ցասումն ու ընդդիմութիւնը կը յայտնէինք։
Շնորհակալութիւն Թուրքիոյ «լիտր»ներուն եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ ինքն իր մէջ կոտորակուած սփիւռքահայերս միացնելու, միակամ, անխորտակելի կամքով օժտելնուն համար։ Շնորհակալութիւն ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան ու դիւանագէտներուն՝ իրենց գործադրած բուռն ճնշումներուն համար. տարաշխարհի եւ հայրենի մեր ժողովուրդը իր թմբիրէն, իր անհոգ հոգեվիճակէն զարթնեցնելու եւ որակաւորելու ծառայեցին անոնց «հաշտարար» ճիգերը։ Ըստ նախկին հայաստանաբնակ հայերու վերլուծութիւններուն, սահմաններու բացումի պատճառով, քանի մը հայածին «օլիգարխներ» պիտի հարստանան, իսկ օրը օրին ապրող, քարէն հացը վաստակող զանգուածները, իրենց սպառած կենսամթերքին մէջ կէս դրամ նուազում պիտի չտեսնեն։ Մէկ խօսքով, անոնց ծանր վիճակը պիտի չբարեփոխուի։ Իսկ Թուրքիոյ վաճառուած ելեկտրական հոսանքը, դարձեալ ոմանց քսակը պիտի իջնէ եւ գաղտնօրէն արեւմտեան դրամատուներու ճամբան պիտի բռնէ՝ օտար երկիրներու մէջ կատարուող ներդրումներուն յատկացուելու համար։
Միամտութիւն չգործենք հաւատալու համար, որ Եւրոմիութեան եւ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան ճնշումները միայն հայերու վրայ կը գործադրուին: Թուրք պետութիւնն ալ, իր կարգին, զերծ ըլլալ չի թուիր բանեցուած ճնշումներէ։ Սակայն իբրեւ շունշանորդի դիւանագէտներ ու թրծուած պետական այրեր, գործադրուած ճնշումները շահող խաղաքարտերու վերածելու հասունութիւնը ցոյց տուած է թուրք դիւանագիտութիւնը։ Իսկ մերոնք, իրենց անփորձութեան եւ աճապարանքին մէջ, թաւալգլոր ինկան Թուրքիոյ «լիտր»ներուն լարած թակարդը։
Քանի մը ամիսէ ի վեր, մօտէն կը հետեւինք թուրք իշխանութիւններու լարախաղացութեան, եւ եթէ մեզի նման քաղաքականապէս տհասներու յստակ դարձած է անոնց միտումը, ապա ինչո՞ւ հայրենի մեր ղեկավարութիւնը չտեսնելու կամ անգիտանալու կու տայ թուրքերուն կողմէ եղած հաշտութեան ոգիին հակասող յայտարարութիւնները։
Մարդիկ այնքան ինքնավստահօրէն կը գործեն, եւ չեն ալ քօղարկեր խօսքով միայն սահման բանալու կամ չբանալու իրենց պոչախաղերը ու անոնց ետին թաքնուած հայերը ամէն գնով կարգադրելու միտումը։
Մերոնք են, որոնք առաջին սիրոյ հմայքէն կուրցած՝ անփորձ պատանիի աճապարանքով ինկան թուրքերու եւ մեծապետական երկիրներու կողմէ հիւսուած սարդոստայնը։ Եւ դեռ սուտ կոյր ձեւանալով՝ չտեսնելու կու տան կեանք մը ամբողջ մեր հետապնդած Հայ Դատը զոհասեղան հանելու՝ ցեղասպան հարեւանին դիւանագիտական անբարեխիղճ խաղերը։
Կիրակի յետմիջօրէին, եղբայրակից հայ ցուցարարներու կողքին կանգնած՝ պահ մը տարուելով դէպի անցեալ նաւարկեց յիշողութիւնս։ Դեռ շաբաթ մը առաջ, ՀՕՄի կեդրոնը խորհրդակցական «միթինկ»ի մը ներկայ գտնուեցանք, հայրենակցական միութիւններու ղեկավարութեան ու Քալիֆորնիահայ գրողներու միութեան վարչութեան կողքին։
Ընկեր Սարօ Նազարեան՝ իբրեւ օրուան հանդիսավար, հազիւ կը զսպէր բորբոքած հռետորներու յուզական ելոյթները։ Առանց կաշկանդումի, ներկայ մտաւորականութիւնը ազատօրէն արտայայտեց իր տեսակէտները։
Այդ օր խօսելու տրամադրութիւն չունէի։ Ստեփան Թոփչեանին հետ գացեր էի Դաշնակցութեան եւ գաղութահայ մտաւորականութեան խօսքը լսելու։ Սակայն սրահէն ներս տիրող ջերմ ու բորբոքած մթնոլորտը վարակիչ դարձաւ։ Ակամայ ձեռքս բարձրացուցի՝ խօսք առնելու խնդրանքով։
Հարց տուի, թէ՝ մարաշցիները իրենց ներկայացուցիչը ունէ՞ին արդեօք սրահի երկայնքին։ Ժամանակին վարչութեան մէջ ծառայած եւ Հայաստանի մէջ Առաջին համահայկական համաժողովին մարաշցիները ներկայացուցած ըլլալով՝ այդ գիշեր անպաշտօն կատարեցի պարտականութիւնս։
– Մօտաւորապէս յիսուն տարի առաջ պատիւն ու առանձնաշնորհումը ունեցայ Դաշնակցութեան շարքերը ընդունուելու եւ գիտէ՞ք ինչու արի պատասխանատու այդ քայլը,- հարց տուի ներկաներուն,- Արեւմտահայաստանը ազատագրելու համար…: Քսան տարի Ափրիկէի խորերը, իբրեւ Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու, հողային մեր պահանջատիրութիւնը օտար շրջանակներու ծանօթացուցինք եւ անոնց համակրանքին արժանացուցինք զայն։ Շարժում մը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ Շաւարշ Թորիկեանի Սիերրա Լէոնէ այցելութեամբ։ Խիստ յաջող այցելութիւն մը, որ Հայ Դատի պանծացման եօթնօրեակի վերածուեցաւ՝ պետական, դիւանագիտական, մամուլի եւ ակադեմական շրջանակներու տրուած այցելութիւններով, դասախօսութիւններով, մամլոյ ասուլիսներով, պատկերասփիւռէն ու պետական ձայնասփիւռէն հարցազրոյցներով եւ ի պատիւ մեծարգոյ ընկերոջ տրուած ճաշկերոյթով, որուն իրենց խանդավառ մասնակցութիւնը բերին պետական նախարարներ, դիւանագիտական մարմինը եւ լրատուական սպասարկութիւններու պետեր։
Այո՛, ՀՕՄի սրահը նստած՝ աչքիս առջեւէն տողանցեց կեանք մը ամբողջ մեր հետապնդած ու անհուն զոհողութիւններու գնով ողջ պահած դարաւոր մեր երազը. վասն ինչի՞, ուրեմն փուճ տեղ վատնեցինք մեր եռանդը, երիտասարդական տարիներն ու ճակտի քրտինք հոտող վաստակը։
Եւ դեռ զուր տեղը մեր զաւակներուն, նորահաս սերունդին հայրենապաշտութիւն ջամբեցինք։ Իսկ հիմա, հայրենի հարազատ մեր պետութեան ֆութպոլային դիւանագիտութեան համար պիտի զոհենք այդ հողերու իրաւատիրութիւնը՝ ոսկեայ ափսէով զանոնք դարաւոր թշնամիին նուիրելու եւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը խոշտանգելու համար։
Պարո՛ն նախագահ, առանց Ձեր հայրենասիրութեան վրայ կասկած ունենալու, Արեւմտահայաստանի իրաւատիրոջ՝ սփիւռքահայուն, կողմէ ոեւէ մէկուն իրաւունք չէ շնորհուած պապենական իր հողերը աճուրդի հանելու, ո՛չ ալ միլիոնաւոր մեր նահատակներուն անմեղ արիւնը սակարկութեան նիւթ դարձնելու։
Պարո՛ն նախագահ, քանի որ հակառակ սփիւռքահայերուս վերապահութեան, առաջ պիտի տարուին տխրահռչակ «փրոթոքոլ»ները, ուրեմն թոյլ տուէք, որ ձեզի լուրջ առաջարկութիւն մը ընեմ.
Թուրք պետութեան անկեղծութիւնն ու հաշտարար ոգին խորաչափելու համար, իրենց դրած նախապայմաններուն դիմաց դուք ալ Ձեր պայմանները դրէք։ Օրինակ, Արարատ լեռն ու Անիի աւերակները, Արեւմտահայաստանի սահմանային գօտին թուրքերու հետ միատեղ շահարկումը, ՄԱԿի մականին տակ զբօսաշրջութիւնը քաջալերելու եւ լքուած այդ շրջանին տնտեսական զարգացումը ապահովելու հեռանկարով։
Եւ քանի որ այդ հողերը հայկական են, սահմանները եթէ պիտի բացուին, գոնէ թող բանի մը ծառայեն. երկու մայրաքաղաքներէն զբօսաշրջիկներու հոսքը բարգաւաճում պիտի բերէ շրջանին ու նպաստէ գործազրկութեան եւ աղքատութեան վերացման։
Եթէ թուրք պետութիւնը կարող է նախապայմաններ դնելու, ապա Ձեզ ի՞նչ բան կը ստիպէ որ նոյնը չընէք։