ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Շատերուս մտքին մէջ է, թէ այս օրերուն, երբ մեր կարծիքով ղարաբաղեան հարցի հայանպաստ լուծումը խնդրոյ առարկայ դարձնող փաստաթուղթեր կը ստորագրուին Հայաստանի ներկայացուցիչներու կողմէ, ինչո՞ւ Ղարաբաղը, իր պետական ներկայացուցիչներով, իր քաղաքական հոսանքներով ու ժողովուրդով լուռ ու կրաւորական կը պահէ ինքզինք:
Այսօրուան «Ասպարէզ»ին մէջ քաղաքական կուսակցութիւններու անհանգստութեան մասին կարճ լրատուութիւն մը կայ, որ սակայն աւելի եւս կը շարժէ մեր հետաքրքրութիւնը: Արդարեւ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած քնննարկման մասնակիցները իրենց խորհրդակցութիւնը ունեցած են փակ դուռներու ետին եւ որեւէ հրապարակում չէ եղած հանդիպումէն ետք:
Այս կրաւորականութիւնը հասկնալի կ՛ըլլար, եթէ ընդունինք, որ Ղարաբաղի պատասխանատուները ապառաժեայ երաշխիքներ ստացած են Հայաստանի իշխանութիւններէն, որ Ղարաբաղի հարցով որեւէ զիջման մտահոգութիւն չունենան: Քաղաքական կուսակցութիւններուն ու արցախցիներուն լռութիւնը այս պարագային կրնայ նշանակել, որ իրենց ալ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն փոխանցուած են այդ երաշխիքները:
Կրաւորական դիրքորշման մէկ այլ պատճառ կրնայ ըլլալ Հայաստանի իշխանութիւններու ճնշումները, որոնց առջեւ տեղի տալով պարտադրուած լռութիւն կը պահեն ղարաբաղցիք: Այս տարբերակը շատ քիչ հաւանական է, նկատի առնելով Ղարաբաղի համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող որեւէ խնդրի հանդէպ Արցախի ղեկավարութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօ՛ր ալ իր հողի ու ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու նախանձախնդրութեան պակաս երբեք չէ ցուցաբերած:
Ղարաբաղը մեր ազգային իրականութեան մէջ ամէնէն հզօր գործօններէն է, շարժիչ ուժ, ներշնչման աղբիւր: Ղարաբաղը կարիք չունի լուռ մնալու, պէտք չէ լուռ մնայ եւ իր վճռական խօսքը պէտք է ըսէ այս խնդրի վերաբերեալ, խօսք մը, որ մեր կարծիքով տարբեր պիտի չըլլայ տխրահռչակ արձանագրութիւններուն ընդդիմադրութիւն ցոյց տուողներու կողմէ ցարդ հնչեցուած հիմնաւոր առարկութիւններէն:
Կրաւորական դիրքորշման մէկ այլ պատճառ կրնայ ըլլալ Հայաստանի իշխանութիւններու ճնշումները, որոնց առջեւ տեղի տալով պարտադրուած լռութիւն կը պահեն ղարաբաղցիք: Այս տարբերակը շատ քիչ հաւանական է
Այս տարբերակը շատ հաւանական է
camarade Apo
it’s not a jock!
ouvre tes yeux
YEREKVA BOLSHOVEKNERE AYSOR ANTZER YEN
ISHKHANOOTIAN KLOOKH IPREV HAY ZHOGHORTIN
GHEGAVRNER OOR YEN NOR HAYRENIK GERDOGHNERE
B A Y K A R O V HARADEV