ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Թրքական «Հիւրիյէթ» պարբերականը Հոկտեմբերի 19ին հրապարակած յօդուածի մը մէջ գրած էր, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ոչ-պաշտօնապէս հայ-թրքական պատմական յանձնաժողովի ղեկավար նշանակած է պոլսահայ գիտնական մը:
Թերթի տուեալներով, այդ պատմաբանը անցեալ տարի Երեւանի մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի մէջ: Նշուած էր նաեւ, որ ան հայազգի առաջին պատմաբանն է, որ 1974ին ստացած էր Թուրքիոյ օրուան նախագահ Ֆահրի Քորութիւրքի թոյլտուութիւնը Օսմանեան արխիւները ուսումնասիրելու:
Կենսագրական այս փաստը հիմք տուած է «Երկիր Մեդիա»յին եզրակացնելու, որ խօսքը պոլսահայ պատմաբան եւ լեզուաբան Բարսեղ Թուղլաճեանի մասին է, որ եղած է նախագահ Քորութիւրքի կողմէ նման թոյլտուութիւն ստացած գիտնականը: Թրքական աղբիւրներ այս գիտնականին անունը աւելի յաճախ կը յիշատակեն իբրեւ Բարս Թուղլաճը:
Բարսեղ Թուղլաճեան, որ վերջերս Երեւան էր, հրաժարած է «Երկիր Մեդիա»յին մեկնաբանութիւն տալէ պատմաբաններու յանձնաժողովը գլխաւորելու համար իր թեկնածութեան առաջադրման, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու մասին առ հասարակ:
Թուղլաճեանը խոստացած է «Երկիր Մեդիա»յին այդ նիւթի շուրջ խօսիլ 3 ամիս ետք, երբ կրկին Երեւան պիտի վերադառնայ իր գիրքի շնորհանդէսին մասնակցելու նպատակով:
VOTCH VOTCH VOTCH
HAY AZKE GARIK CHOONI TOGH
MARTASBANE IR OOZZATSIN BES KHAYDARAK
ELLA INCHBES NAYEV MER NISHANAVOR TAVAJANERE
MEGHK VOR SOURP HAYOONE ANOONE GE GREG