ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Մամհուտ Ահմատինեժատ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին յայտնեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներուն եւ Գերմանիոյ հետ հիւլէական թղթածրարի շուրջ գործակցութեան պայմանները հասունցած են։ Իր սովորական կարծր կեցուածքէն շեղում կատարելով, Ահմատինեժատ ողջունեց արեւմտեան քաղաքականութեան մէջ «ճակատումէ համագործակցութիւն» փոփոխութիւնը, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրի շուրջ գործակցութիւնը կարելի կը դարձնէ։
Ան շեշտեց, թէ իր կառավարութիւնը նախանձախնդիր է Արեւմուտքին հետ համաձայնութեան հասնելու։ «Մենք կ՛ողջունենք վառելանիւթի փոխանակումը, հիւլէական գործակցութիւնը, հիւլէական կայաններու եւ շարժակներու կառուցումը, եւ պատրաստ ենք գործակցելու», ըսաւ ան, Իրանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Մաշհատէն ուղղակի սփռուած ճառի մը ընթացքին։
Ահմատինեժատ ըսաւ, որ Արեւմուտքը նախապէս կը խօսէր «կասեցման մասին, սակայն այժմ անոնք վառելանիւթի փոխանակման, հիւլէական գործակցութեան, հիւլէական կայաններու եւ շարժակներու կառուցման մասին կը խօսին։ Անոնք ճակատումէ անցան գործակցութեան», եւ ատոր իբրեւ արդիւնք «հիւլէական գործակցութեան պայմանները պատրաստ են»։
Ակնարկելով ՄԱԿի կողմէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն, Իրանի նախագահը յայտնեց, որ Արեւմուտքը նախապէս որդեգրած էր «ճակատումի եւ սպառնալիքներու քաղաքականութիւնը, սակայն այսօր ան փոխած է իր կեցուածքը եւ մենք կ՛ողջունենք ատիկա»։
«Կ՛ընդունինք վստահութեամբ եւ անկեղծութեամբ, առանց որեւէ խաղի կամ սուտի մեզի երկարած որեւէ ձեռք։ Սակայն եթէ ատիկա սխալ դուրս գայ, մեր պատասխանը պիտի ըլլայ այն, զոր տուինք Պուշին», աւելցուց ան։
Միւս կողմէ, Հիւլէական միջազգային ուժանիւթի կազմակերպութեան մօտ Իրանի յատուկ պատուիրակ Ալի Ասղար Սոլթանիէ Իրանի պետական լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ կազմակերպութեան փոխանցած է Իրանի պատասխանը Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային կազմակերպութեան առաջարկին։ Լրատու գործակալութիւնը պատասխանի բովանդակութեան մասին տեղեկութիւն չփոխանցեց։ Սոլթանիէ յայտնեց, որ յաւելեալ բանակցութիւններ կը նախատեսէ «թեքնիք» հարցերու շուրջ՝ Իրանի եւ կազմակերպութեան միջեւ։
Ան ըսաւ, որ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է նկատի ունենայ նաեւ Իրանի տնտեսական մտահոգութիւնները։