ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Ինթէհապէր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխ-նախագահ Սալիհ Քափուսուզ յայտնած է, որ որպէսզի ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուին, պէտք է Թուրքիոյ պայմանները կատարուին։
Քափուսուզ ըսած է, որ «Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններուն՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացումը կախեալ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութենէն»։