ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ սկիզբ առաւ Ատանայի ջարդի 100ամեակին նուիրուած շաբաթը, բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Ներկայութեամբ միաբան հայրերու, ազգային ժողովականութեան անդամներուն, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, պետական ու քաղաքական գործիչներու, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, վեհափառ հայրապետը բացումը կատարեց Ատանայի կոտորածի 100ամեակին նուիրուած նորակերտ խաչքարին:
Միաբան հայրերու կողմէ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ու խունկի ծուէններուն հետ, նահատակներու հոգւոց խաղաղութեան համար կատարուած աղօթքը բարձրացաւ առ Աստուած: Ապա վեհափառին ձեռամբ վար առնուեցաւ քանդակազարդ խաչքարը ծածկող քօղը, որպէսզի, մայրավանքին մէջ իբրեւ մնայուն ներկայութիւն, դառնայ յուշարարը այն քստմնելի ոճիրին, որուն գործադրութեան 100րդ տարին իր լրումին հասաւ:
Բացման հանդիսութենէն անմիջապէս ետք, «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատանայի կոտորածը ներկայացնող վաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանի արխիւին ու այլ արխիւներու մէջէն հաւաքուած ու ցուցադրութեան պատրաստուած շուրջ 60 լուսանկարներ ներկայացուած էին:
Վեհափառը այս առիթով խօսք առնելով, մեր ժողովուրդին երէկը, այսօրն ու վաղն իրարու կամրջեց, յիշելով այն տխուր անցեալը, որմէ պէտք է դաս կարենանք քաղել ազգովին: Ազգային հոսանքներու, դաւանական տարբերութիւններու, մտածելակերպերու զանազանութեանց բոլոր պատնէշները քանդելու կոչ ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, հասարակաց թշնամիին դիմաց: Ան ըսաւ. «Թուրքը այդ բոլոր տարբերութիւնները վերցուց, երբ ջարդեց մեր ժողովուրդը: Ուստի, անոր դէմ մեր հաւաքական յիշողութեամբ պայքարելու մեր ճիգին մէջ, պէտք է քանդենք ամէն տարբերութիւն որ կը հեռացնէ մեզ իրարմէ, ու բեւեռացումներ կը ստեղծէ մեր կեանքէն ներս»:
Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ Կիլիկիոյ աղէտին՝ Ատանայի կոտորածին մասին, իբրեւ նախապատրաստութիւն 1915ի Ցեղասպանութեան: Ան անցնող 100 տարիները եւ գալիք աւելի քան 100 տարիները ոչ մէկ արգելք նկատեց արդարութեան հասնելու: Վեհափառը թուային հաշիւներով ներկայացուց Ատանայի հայութեան կրած բոլոր վնասները, 30,000 կոտորեալներուն հետ, հազարաւոր այրիներն ու որբերը, հրկիզուած եկեղեցիներն ու դպրոցները, քանդուած տուներն ու գործատեղիները, ագարակները, ջրաղացներ եւ բոլոր-բոլոր մարդկային ու նիւթական կորուստներ: Առ այդ, յանուն հայ ժողովուրդին յայտարարեց ըսելով. «Հատուցում կը պահանջենք Թուրքիայէն, Ատանայի æարդին մարդկային եւ նիւթական վնասներուն համար»:
Յուզիչ, միաժամանակ յիշեցուցիչ ցուցահանդէս մըն էր, որուն մասնակիցները ականատես դարձան թուրքի «ձեռագործը» հանդիսացող ահաւոր ոճիրին ու քանդումներուն, որուն հետեւանքով «անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան»:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ ամէն օր մինչեւ Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր:
Հինգշաբթի օր, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ Ատանայի կոտորածի 100ամեակին նուիրուած համագումարին, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած մասնագէտներ:
21 TAROO MER ZHOGHOVOURTIN KHERIMIAN HAYRIG
TOUK BIDI LINEK HAMAYN HAYOUTIAN SOURP PERGICH.
Vehapar Der
1.500000 nahadag dvink
1.500000 kaghti janabarner prnezink
dasnyag hazar anshirim khonar herosner dvink
barzabes chtavajanelou hamar asdouzme barkev drvaz mer joghoverti hayasdanin,
ayo, bargeshd, artar hay Gatoghigosin janabare mishd pshod e, payz vsdah yeghek,
joghovourte tzez hed e,ou kalik haghtanage, tegouz haryour dari yedk, mern e.
inchbes touk esik, tashnakirner toughti vra en, ou heshdoutyamp g badrvin, nakhort tashnakirnerou nman.