Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ձեր տարիքէն տասնամեակ մը պակսեցուցէք պարզապէս մազայարդարումի ճիշդ ձեւը որդեգրելով։
Արդէն կը պայքարիք ձեր կնճիռներուն դէմ ու երբեք պատրաստ չէք նոր մարտահրաւէր մը դիմագրաւելու՝ մազերը։ Տարիներ առաջ անոնք ձեր ամենէն հաւատարիմ «օգնականներ»ն էին, ի՞նչ պատահեցաւ։ Անոնք հիմա շատ տժգոյն ու գզգզուած են, իրենց նախկին հմայքը կորսնցուցած են արդէն, եւ տակաւին՝ այնքան ցանցառ են, որ առիթ կու տան գլխուն մորթին յստակ երեւումին։ Այս ամէնը թէեւ կը մնայ երեւոյթ, սակայն ակնթարթ մը գոնէ կը նեղացնէ խնդրոյ առարկայ անձը։ Մազի փոփոխութիւնը շատ բնական է 40էն ետք։ Հորմոններու փոփոխութիւնը մազին թելերը կը բարակցնէ եւ միաժամանակ անոնց մոխրագոյն վիճակ կու տայ։ Նուազ իւղ արտադրուելուն պատճառով, մազը աւելի չոր է եւ անշուշտ արեւը ու յաճախակի չորցնելը աւելիով կը վնասեն մեր մազերուն առողջութեան։ Հիմա կը ներկայացնենք կարգ մը խորհուրդներ, որոնք կը նպաստեն մազերուն առողջ երեւոյթին պատճառով աւելի երիտասարդ երեւելուն.
1-Խուսափեցէ՛ք շատ կարճ մազերէն։ Եթէ ձեր մազերը առողջ են, մի չափազանցէք զանոնք շատ կարճ պահելով, պարզապէս տարիքի յարմար դարձնելու սիրոյն։ Շատ կանայք աւելի սիրուն կ՚երեւին երկար մազերով 40 կամ նոյնիսկ 50 տարիքին։ Անոր փոխարէն, երկարի վրայ յատուկ ձեւ մը ընտրեցէք, որպէսզի աւելի գրաւիչ երեւիք։ Տարիքի յառաջացումով պէտք է խուսափիլ շատ սուր փոփոխութիւններէն, միշտ աւելի մեղմ ալիքներ ու ելեւէջներ պէտք է որդեգրել։
2-Նաեւ, խուսափեցէք շատ երկար մազերէն։ Երկար մազերը նաեւ ձեր դէմքին գիծերը իրենց հետ վար կ՚առնեն. խուսափեցէ՛ք։ Երկար, վատառողջ ծայրերով մազերը գոնէ ձեր տարիքը քանի մը տարիով աւելի մեծ պիտի պատկերացնեն։ Երկար մազերը շաբաթական մէկ անգամ աւելի խորունկ փափկացման աշխատանքի կը կարօտին,- «Garnier Fructis, Triple Nutrition, 3-Minute Undo Dryness Reversal Treatment» որուն արժէքը 6 տոլար է ու կարելի է գնել գրեթէ բոլոր դեղարաններէն։ Այս փափկացուցիչը իր մէջ կը պարունակէ ծիրանի կուտին հիւթը։
3- Շատ մութ մազը բնականաբար որոշ տարիքէ մը ետք անբնական կը թուի։ Մանաւանդ, մութ գոյնը աւելիով կը շեշտէ ցանցառ մազերը, որոնք տարիքի բերումով ի յայտ եկած կ՚ըլլան։ Նաեւ մութ գոյնը պատճառ կը դառնայ, որ խորշոմները աւելի ցայտուն երեւին դէմքին վրայ։ Փոխանակ շատ մութ ընտրելու, երկու կամ առաւելագոյն երեք երանգ աւելի բաց գոյնով ներկեցէք ձեր մազը։ Օրինակ, եթէ ձեր բնական մազին գոյնը մութ սրճագոյն է կրնաք ձեր մազը ներկել բաց տուրմի գոյնով – creamier chocolate գոյնով։ Ամէն պարագայի ձեր ընտրած գոյնին հետ խառնեցէք no gray for women արտադրութիւնը, որպէսզի ամբողջովին ձերբազատուիք ճերմակ մազերու անախորժ համարուող պատկերէն։
4- Շատ բաց գոյնը թելադրելի չէ մասնագէտ վարսայարդարներուն կողմէն։ Մանաւանդ երբ մազերը շատ բաց գոյն ունին՝ ենթական ստիպուած պիտի ըլլայ աւելի ցայտուն շպարուիլ, որպէսզի հակադրութեամբ զայն ծածկէ։ Անոր փոխարէն կարելի է մազի որոշ փունջեր աւելի մութ գոյնով ներկել, որպէս սիրուն հակասութիւն։
5- Մոխրագոյն մազերը պայման չէ, որ անպայման 10 տարի աւելի մեծ տարիքով ներկայացնեն ձեզի։ Եթէ լաւ խնամէք զանոնք, մոխրագոյն մազերը կրնան ձեզ շատ կենսունակ ու աշխոյժ երեւոյթով ներկայացնել։ Դեղնագոյն ճերմակ մազերէն անմիջապէս խուսափեցէ՛ք։ Անոնք դեղնած ակռաներու նման վատ տպաւորութիւն կը թողուն։ Փորձեցէք Mizani Gloss Veil Shine ցրուիչը, որպէս վերջին խոնաւցնող ձեր մազերուն։ Եթէ ձեր մազերուն 50%ը ճերմկած է այլեւս, կրնաք մանիշակագոյն կամ կապոյտ երանգով շամբու օգտագործել դեղիններուն հակազդելու համար։ Այս բոլորէն ետք, եթէ ձեր դեղնած մազերը կը յամառին տակաւին, մասնագէտներ կ՚առաջարկեն բաց շէկ գոյներով ներկել զանոնք, ծերութեան նշաններէն քիչ մը եւս հեռանալու համար։
6- Ծայրայեղութիւններէն հեռու մնացէք։ Մազերը շատ ցայտուն վառ գոյնով ներկելէ կամ նորաձեւութեան վերջին պահանջներով կտրելէ խուսափեցէք։ Անիկա կը նմանի նորաձեւութեան վերջին պահանջը գոհացնելով հագնելուն, կամ նոյնիսկ չափազանց շպար օգտագործելուն, եւ գեղեցկացնելու փոխարէն աւելի տհաճ կը դարձնէ պատկերը։ Ձեր տարիքին մօտ դերասաններուն մազերուն հետեւեցէք եւ կամ ճակատը ծածկող մազի փունջերուն մասին մտածեցէք, որոնք աւելի երիտասարդ ցոյց կու տան։ Անշուշտ այս վերջինը կրնաք ընտրել եթէ գանգուր մազ չունիք։
Ուրիշ խորհուրդներ ալ կը շարունակենք յաջորդ թիւին։