Ամէն անգամ որ խոհերուս հետ առանձին կը մնամ, ամէն անգամ որ անցեալի ճգնաժամային օրերը կը մտաբերեմ ու այդ մասին կը խոկամ, անոնք՝ այդ նուիրեալները կը յառնեն անցեալի ընդերքէն եւ ամբողջ հասակով, իրենց լուսաշող դէմքերով կու գան կը կանգնին յիշողութեանս առջեւ։ Կը խօսին ինծի հետ իրենց լուռ բարբառով, կը յուզեն, կը ջերմացնեն իրենց հին հեթանոսական կրակով ու կ՛աներեւութանան՝ վերստին գալու, վերստին հաղորդուելու սրբազան խոստումով։
Ովքե՞ր են անոնք, ի՞նչ կ՛ուզեն։
Անոնք ոգիներն են անցեալ դարձած, նուիրականութիւն դարձած այն մարդոց, որոնք երէկ կային, բայց այսօր ա՛լ ֆիզիքապէս չկան այս աշխարհի վրայ։
Անոնք՝ ես եմ, դուն ես, ամբողջ հայութիւնն են։
Պատմութիւնը այդ տղոց՝ այդ ազնիւ, մաքուր տղոց դեռ կը մնայ անգիր, դեռ կը մնայ զրոյց ժողովուրդի հարազատ, անբիծ շրթներուն վրայ։ Կը մնայ ինչպէս մասունք՝ վեհ, նուիրական ու սրբազան։
Պատմութիւնը անոնց՝ այդ սրբազան տղոց, կը սկսի տեղէ մը, այս աշխարհի վրայ որեւէ տեղէ մը, բայց չի վերջանար հոն, կը շարունակուի ամէն տեղ ուր այնպէս պայծառ աչքերով, ազգային գաղափարով տոգորուն քանի մը ազնիւ տղաք կան. հայու սիրտով, հայու ցաւով տրոփող քանի մը տղաք։
Անոնք՝ անոնց պատմութիւնը կարծես դեռ երէկ էր։ Կարծես դեռ հոն են, ազգային պարտականութեան վրայ, քալաշնիքով զէնքը ձեռին։ Կարծես դեռ կը խօսին, կը կատակեն։ Աստուած իմ, այդ ի՜նչ սիրտ ու սէր կար անոնց խօսքին, անոնց կատակին մէջ։
Անոնք՝ այդ տղաքը, անոնց երէկը Լիբանանն էր, անոնց հայրենիքին մօտիկ տեղ մը, հայոց հայրենիքին օդով համեմուած գեղեցիկ ու ասպնջական։ Ու հոն, բուռ մը մէկտեղուած հայութիւն շէն ու կուռ, հարազատ ու ամուր հայութիւն։ Բայց պատահեցաւ սեւ, հայու սեւ ճակատագիր…
Հոն, Լիբանանի մէջ, եղաւ կռիւ, գէշ, չար։ Հոն՝ լիբանանցիք, կրօնական մոլեռանդութեան մէջ կուրցած մարդիկ, զիրար ջարդեցին՝ բիրտ, անխնայ։ Այդ մարդիկը երբեք չանդրադարձան, որ իրենց ձեռքերո՛վ կը քանդէին այն տունը, ուր իրենց զաւակները, իրենց ծնողքը կը բնակէին։ Ու դեռ անոնք կ՛ապականէին նուիրականութիւնը, գեղեցկութիւնը այն հողին, որ իրենց հայրենիքն էր։ Միայն հա՛յը մաս չկազմեց այդ քանդումին ու այդ կարմիր սպանդին։ Միայն հայու պայծառ աչքերով այդ տղաքը կրցան ըսել , թէ հայը չի քանդեր այն երդիքը, այն հայրենիքը, ուր իր զաւակները կ՛ապրին։ Որովհետեւ հայուն համար տունն ու հայրենիքը նուիրականութիւն, սրբանուէր մասունք կը նկատուին։
Ու եղաւ ատեն մը, երբ հայութեան արտակարգ ջանքերուն շնորհիւ կռիւները դադրեցան։ Հայութիւնը, գիտակից իր պարտականութեան, յանձն կ՛առնէր արտակարգ զոհողութիւն եւ իր կարելին կ՛ընէր, որպէսզի նոյն հայրենիքին զաւակները անդրադառնային իրենց պարտականութեան, եւ օտար սադրանքներու կոյր խաղալիք չդառնային։ Հայը գիտէր… հայը դաս առած էր անցեալի պատմութենէն։
Այդ օրերուն Լիբանանի մէկ շերտին վրայ,Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ զինեալ հայ տղաք դիրք բռնեցին կռուող կողմերուն միջեւ եւ սկսան հսկել, որպէսզի կռուող կողմերը չխախտեն զինադուլը։ Ու ձմրան ցուրտին եւ անձրեւին, շարք կազմած զինեալ հայ տղաք կը տողանցէին քալաշնիքներով, ռումբերով զինուած։ Կ՛անցնէին, ինչպէս Սասնայ լեռներէն իջած Գէորգ Չաւուշ, Հրայր Դժոխք, ինչպէս անձնուրաց քաջ ֆետայի։ Ու անոնց տեսքին, անոնց անցքին առնական՝ հայ մարդուն սիրտը կը բաբախէր հպարտութեան, ուրախութեան զգացումներով։ Հայ մամիկին շրթները աղօթք կը մրմնջէին որպէսզի Աստուած հայ տղաքը վտանգէ, փորձանքէ հեռու պահէ, մինչ օտարը կը հիանար, կը զարմանար հայ տղուն խիզախ, մարտունակ տեսքին, առնական երթին վրայ ։
Կ՛անցնէին՝ Խաչիկ Արաբեան, Ազնաւուրեան Սարգիս, Աբոն աննման, լուռ, խոհուն։ Բայց անոնք ներքնապէս արթուն, խիզախ պահակներն էին պողպատեայ կամքն էին հայ լինելութեան։ կ՛անցնէին… ու դեռ կ՛անցնի շարքը անձնուրաց քաջերուն։ Այդ տղաքը… հայ ցեղին արիւնէն սերած, հայ ցեղին տեսլականը շալկած տղաք էին, առասպելօրէն մեծ, առասպելօրէն նուիրուած հայութեան դատին, անոր պահանջներուն։ Անոնք հայ ցեղին տեսլականին ճամբով քալեցին ու մնացին հայու լինելութեան սրբազան պատնէշին վրայ։ Մնացին ահեղ պայքարի ճակատին վրայ։ Մնացին անշեղ, մինչեւ շունչ վերջին։
Այդ տղաքը բուրումնաւէտ գարուն էին, դեռ տաք արեւ էին։ Բայց անոնք գացին՝ գարունին ու արեւին ծարաւ հոգիով։ Այդ տղաքը համակ սիրտ ու սէր այդ տղաքը արհամարհեցին երազն ու հաճոյքը կեանքին։ Ազգային հոգն ու ցաւը ամէն ինչէ վեր դասելով, նախընտրեցին քալել արիւնի ճամբաներէն, որպէսզի ցեղին յաւերժական քաջութիւնը շարունակուի։ Որպէսզի հայ մարդուն լինելութիւնը ամրանայ։ Ու անոնք իրենց մահով անմահութիւն պատգամեցին։
Ու ես տեսայ ամբողջ հայկական թաղեր, որոնք պաշարուած էին անգոյն խելառ խուժանով, որ կ՛արհամարհէր հայը «Արման մսքին…» գրելով պատերուն վրայ։ Ու կը սպառնային կոտորել ջարդել հայը, եթէ…։ Բայց եղաւ հրաշք, եղաւ որ բուռ մը հայ քաջեր, պատուախնդիր հայ անունին, կայծակնային խիզախութեամբ քալեցին թշնամիին վրայ, իրենց եղբայրները պաշարող երկաթեայ օղակը փշրելու։
Ու ես տեսայ, որ հայ տղան՝ Սարգիս Ֆուճուրեան, օր ցերեկով, ճակատը տուած բորբ արեւին, զսպանակուած ռումբը ձեռքին ու ինքն ալ ռումբ դարձած, իբրեւ հայոց պատմութեան ընդերքէն ելած կրակ, խոյացաւ թշնամի դիրքին վրայ, եւ նոյն պահուն ամէն տեսակի զէնքեր խելայեղօրէն որոտացին։ Կարծես երկիր եւ երկինք իրար անցան։ Կարծես երկու խոյեր ճակատ ճակատի տուած՝ զիրար զարկին, կայծեր թռան ու եղաւ կրակ։ Բայց առասպելօրէն խիզախ հայ տղան, թէեւ վիրաւոր, զարնուած թշնամի գնդակներու տարափէն, զսպանակուած ռումբը ձեռքին, վերջին շուչը հաւաքելով քալեց դէպի գիտակից մահ… Ու ինկաւ հերոսաբար։ Բայց, իրեն հետ օդը հանեց թշնամի տասնեակ մը դիակ։ Քանդուած էր թշնամիին ինքնապաշտպանութեան պատնէշը եւ հայ մարտիկներուն առջեւ ա՛լ բաց էր հայկական թաղերու փրկութեան ճամբան։
Լուսնկայ գիշեր էր, այնքան փալփլուն ու այնքան պայծառ, որ մարդ կը հիանար աստուածային ստեղծագործութեան վրայ։ Բայց, այդ գիշեր, կռիւ մը կար՝ խենթ ու խելառ։ Այդ գիշեր եղաւ կարմիր, հոսեցաւ հայ արիւնը նշխար։ Բայց այդ գիշեր հայ զինեալները աննման խիզախութիւններ գործեցին, ու… առաւօտ դեռ չէր եղած, երբ հայ գրոհին առջեւ ընկճուած, խորտակուած թշնամին փախաւ, փախա՜ւ… դաշտին վրայ զէնք ու զրահ ձգած, դաշտին վրայ դիակներ անհամար…։ Ու ցնծութիւն, ցնծութի՜ւն հայոց աշխարհին։
Հազար փառք, հազար օրհներգ անոնց անունին, անոնց վաստակին, զանոնք կերտած հայաշունչ գաղափարին, անոնց՝ որոնք այդ կռիւները առաջնորդեցին եւ հայութեան ինչքը, պատիւն ու գոյութիւնը պաշտպանեցին։ Հազար խունկ ու մոմ անոնց յիշատակին, որոնք այսօր չկան, որոնք գիտակցօրէն ինկան ազգային պարտականութեան սրբազան ճամբուն վրայ։
Եւ այսօր, երբ մութ է հորիզոնը հայոց աշխարհին, եւ այսօր, երբ հայու մայր հողին վրայ՝ Ղարաբաղի մէջ կենաց-մահու կռիւ կը մղուի՝ փա ՜ռք քաջերուն…
Եւ համբոյր ու հազա ՜ր համբոյր այն միւսներուն, որոնց անունները կը մնան անծանօթ, բայց որոնք գեղածիծաղ Լիբանանի ծովեզերքին վրայ թէ արտասահմանի այլազան ափերուն՝ լուռ, անտրտունջ տքնեցան, հայը հա՛յ պահելու աշխատանքը տարին։
Ո ՜վ հայ անցորդ, համբոյր մը դրոշմէ անոնց հպա՛րտ ճակատին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.