ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ հայ գրողների միութեան յաջորդ գրական հանդիպումը, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի հովանաւորութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5ին, երեկոյեան ժամի 7էն 9, գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard St, Glendale, CA 91205)։ Նիստը նուիրուած է «ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 140ամեակին եւ հանդիպումին պիտի մասնակցին Հայաստանի գրողների միութենէն (ՀԳՄ) խումբ մը գրողներ, ղեկավարութեամբ ՀԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեանի: Դասախօսութեամբ ելոյթ պիտի ունենան հրապարակագիր եւ գրականագէտ Ստեփան Թոփչեան, ինչպէս նաեւ բանաստեղծ եւ գրականագէտ Գէորգ Քրիստինեան: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել awaoc@yahoo.com հասցէին: