ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, «Արմենիա».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ մարմինները Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբերէն Կիրակի, Նոյեմբեր 1, 2009, Պուէնոս Այրէսի մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով գումարեցին խորհրդակցական ժողով մը:
Հարաւային Ամերիկայի (Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Պրազիլ), Գանատայի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող ՀՅԴ մարմիններու այս խորհրդաժողովին, մասնակիցները հանգամանալի զեկոյցներ լսեցին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու, յատկապէս հայ-թրքական յարաբերութեանց ու անոնց առնչուող ներազգային ու միջազգային զարգացումներու մասին:
Մարմիններու ներկայացուցիչները սպառիչ կերպով քննարկեցին հայ-թրքական արձանագրութիւններու ներկայացուցած վտանգները, անոնց վաւերացումը կասեցնելու ուղղութեամբ ցարդ տարուած աշխատանքներու ընթացքը, արժեւորեցին այդ աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը եւ տեղեկացան ի պատրաստութիւն յաջորդ փուլին իւրաքանչիւր շրջանէն ներս ծրագրուած ձեռնարկներու մասին:
Ընդգծելով, Հայաստանի ու Ղարաբաղի համար ծանր հետեւանքներ բերել սպառնացող եւ թրքական իշխանութեանց շրջանային ծրագիրներուն միայն նպաստող արձանագրութեանց վաւերացումը կասեցնելու կարեւորութիւնը, ժողովի մասնակիցները անհրաժեշտ նկատեցին աշխատանքներու թափի ուժեղացումը եւ անոնց համաժողովրդական տարողութեան առաւել ընդարձակումը եւ այդ գծով առաջարկեցին համապատասխան քայլեր:
Ժողովը շեշտեց Հայ Դատի գրասենեակներու աշխատանքները առաւել բարձր մակարդակով յառաջ տանելու անհրաժեշտութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը արագացնելու եւ թրքական կառավարութեան կողմէ արտասահմանեան թրքական կազմակերպութիւններու միջոցաւ տարուող հակահայ քարոզչական արշաւը դիմագրաւելու նպատակով:
Ժողովը անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի հրապարակած գործունէութեան ուղենիշերուն եւ արտայայտեց իր անվերապահ զօրակցութիւնը քաղաքական այդ ծրագիրը իրականացնելու աշխատանքներուն:
Ժողովը հաստատեց հայոց պետականութեան հզօրացման նպատակին շուրջ ազգային միասնականութեան անփոխարինելի արժէքը եւ ամէն գնով Հայաստան-Սփիւռք, ներազգային եւ ներհամայնքային պառակտումներու հնարաւորութեանց առջեւ դուռները փակելու Դաշնակցութեան վճռական դիրքորոշումը:
Ժողովը նաեւ լսեց շրջաններու կազմակերպական վիճակի, երիտասարդական միութեանց գործունէութեան, Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու աշխատանքներու մասին զեկոյցներ՝ եւ քննեց այս ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու առաջարկներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.