ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Կարգ մը ուքրանական թերթեր կը հաղորդեն, թէ նախագահ Վիքթոր Եուշչէնքօ կը պատրաստուի յառաջիկայ Յունուար 17ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք լքել երկիրը։ Ըստ թերթերուն, Եուշչէնքօ արդէն Գանատա ուղարկած է իր ստացուածքներուն մէկ մասը:
Լրագրողներու տուեալներով, Եուշչէնքօ կը պատրաստուի հաստատուիլ Գանատայի մէջ, երբ յստակ դառնայ, որ ան նախագահ չէ վերընտրուած։
Նշենք, որ «Նարնջագոյն յեղափոխութեան» ղեկավարներէն Եուշչէնքոյի ժողովրդականութիւնը ծանր անկում կրած է եւ նեկայիս կը վայելէ ժողովուրդին միայն 4 տոկոսին վստահութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.