ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործերու փոխ-նախարար Արազ Ազիմով Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած է, որ «Ատրպէյճանցի դիւանագէտները կը պատրաստուին Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին զեկոյց մը ներկայացնել ՄԱԿին»:
Ըստ Ազիմովի, հայկական կողմը «կը մոլորեցնէ» միջազգային հանրութիւնը՝ հակամարտութեան վերաբերեալ «իրականութեան չհամապատասխանող» տեղեկութիւններ ներկայացնելով: «Հայաստանին կը պատասխանենք ՄԱԿի մէջ», յայտնած է Ատրպէյճանի փոխնախարարը:
Արազ Ազիմով Ուաշինկթըն կը գտնուէր մասնակցելու համար անվտանգութեան հարցերով ատրպեճանա-ամերիկեան խորհրդակցութիւններուն: ԱՄՆի արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ազիմով հանդիպած է ԱՄՆի արտաքին գործերու նախարարի քաղաքական եւ ռազմական հարցերով օգնական Անտրէ Շափիրոյի հետ:
Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ 11րդ տարեկան խորհրդակցութիւնները նուիրուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու երկկողմ համագործակցութեան զարգացման, ծովային անվտանգութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, թմրանիւթերու տարածման, սահմաններու պահպանման ու միջուկային զէնքի տարածումը սահմանափակելու ճիգերուն: