ՊԵՌՆ.- Զուիցերիոյ մէջ ամենաշատ ժողովրդականութիւն վայելող օրաթերթերէն մէկը՝ «Նիւ Ցիւրխըր Ցայթունկ», Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4ին քննադատեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ զուիցերիացի պաշտօնատարներու դերակատարութիւնը։
Գերմաներէնով լոյս տեսնող զուիցերիական օրաթերթը զուիցերիական վարչակազմը քննադատեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ միջնորդութիւն կատարել ընդունելուն համար։ Օրաթերթը կը գրէ, որ զուիցերիական վարչակազմը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ միջնորդութիւն կատարեց եւ շահագրգիռ կողմերը համոզեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցով արձանագրութիւններ ստորագրել, առանց նկատի ունենալու երկու երկիրներուն պատմական տարակարծութիւնները։
Զուիցերիական օրաթերթը կը նշէ, որ Զուիցերիա պէտք չէր երկու երկիրներուն միջեւ միջնորդութիւն կատարեր, որովհետեւ Թուրքիա կը շարունակէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալ:
Քննադատելով զուիցերացի պաշտօնատարներու միջնորդութիւնը, օրաթերթը կը գրէ. «Եթէ եզրակացնենք, թէ Զուիցերիա եւ Միացեալ Նահանգներ Ցեղասպանութեան հարցը այլեւս լուրջի չեն առներ, կամ թերեւս ասիկա ըրին Թուրքիոյ սիրոյն, կամ թերեւս որովհետեւ պարզապէս անմիտներ են, ապա դաշնակցային նախարարներ իրենց դիւանագիտական սխալ քայլերուն պատճառով պէտք է վարկաբեկուին: Սակայն կը թուի, թէ ոչ ոք կը գիտակցի, թէ այս մարդիկը խելակորոյս են։ Արդեօք Քազաֆի կրնա՞յ հասկնալ անոնց տրամաբանութիւնը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.