ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօր, Սան Հոզէի մէջ իր աշխատանքներուն կը սկսի «Արմթէք 2009» խորհրդաժողովը:
Բարձր մակարդակով կազմակերպուած այս խորհրդաժողովին նպատակն է միջազգային ուշադրութիւն հրաւիրել Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութեան, եւ յատկապէս համակարգչային ծրագրաւորումներուն՝ այդ եւ բազմաթիւ ա՛յլ գիտական ոլորտներու մէջ ունեցած հսկայական ներոյժին վրայ:
Այս ձեռնարկով, միջազգային յայտնի ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ պիտի ծանօթանան Հայաստանի մէջ աշխատելու, այնտեղ իրենց մասնաճիւղերը բանալու պայմաններուն: Այս նպատակը իրականացնելու համար, կազմակերպողները խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւիրած են Հայաստանի պետական բարձր պաշտօնատարներ՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:
Մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, խորհրդաժողովը կազմակերպողներու մօտ վերջերս այն մտահոգութիւնը յառաջացած է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրման ստեղծած մթնոլորտի մէջ՝ ձեռնարկը խանգարելու, անոր փայլը նսեմացնելու քայլեր կրնան առնուիլ:
Մտահոգուողները հաւանաբար իրենց մտքին մէջ կասկածներ ալ ունեցած են թէ ո՛ր հոսանքները կրնան նման քայլի հակամէտ ըլլալ: Մեզի վերապահուած այդ «պատիւ»ին համար չենք ուզեր մեղադրել ոեւէ մէկը: Յամենայն դէպս, ցաւով կ՛արձանագրենք, որ անտեղիօրէն անհանգստացած այս մարդիկը պարզապէս անծանօթ են մեր դաւանած արժէքային համակարգին, որուն գագաթնակէտը՝ միայն ու միայն Հայաստան աշխարհի, Հայաստանի պետութեան հզօրացումն է, որուն, հաւատացած ենք՝ իր լուման պիտի բերէ նաեւ այս խորհրդաժողովը, եւ որուն համար մենք միայն երախտապարտ կրնանք ըլլալ զայն կազմակերպողներուն:
Ուրեմն, ըստ ամենայնի յաջողութի՛ւն կը մաղթենք խորհրդաժողովին, եւ կը յուսանք որ իրականանան անոր հետապնդած բոլո՛ր նպատակները: