ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Անունս շատ հայկական է, ուրախ եմ ատոր համար, եւ՝ հպարտ։ Բայց եւ այնպէս ոչ-հայերուն համար անունս հնչելը բաւական բարդ է ու դժուար։ Տարիներու ընթացքին, ամէն անգամ որ պէտք եղած էր սրբագրել անունս հնչելու եղանակը եւ ուղղել իւրաքանչիւր տառին հնչիւնը, բաւական կը յոգնէի, մինչեւ որ հասայ տեղ մը ուր տեղի տուի։ Նկատի ունենալով որ աշխատանքներս միջազգային տարողութիւն ունին, անունս ալ իւրաքանչիւր ազգի հնչիւնաբանութեան հետ ստացաւ ու տակաւին կը շարունակէ ստանալ իր իւրայատուկ շեշտը…։ Նախորդ Օգոստոսին Մանիլայի մէջ, համաշխարհային աշխատանքային հանդիպման մը ընթացքին, գործակից մը մօտենալով ինծի՝ ըսաւ. «Կրնա՞ս ըսել ինծի, թէ անունդ ինչպէ՞ս պէտք է հնչել…։ Շատ մը տարբերակներ կը լսեմ այս սրահին մէջ՝ նոյնինքն անունիդ հնչիւնին նկատմամբ»։ Թէեւ գնահատեցի գործակիցիս բծախնդրութիւնը, սակայն ժպիտը դէմքիս, ու յանձնուած տրամադրութեամբ ըսի. «Ինչպէս որ հանգիստ կը զգաս, այդպէս հնչէ»։
28-31 Յուլիս 2009, Հոնկ Քոնկ։
Եթէ այդ կղզին ունի հարուստ պատմութիւն, անիկա այսօր եւս գրաւած է աշխարհին ուշադրութիւնը՝ իր տնտեսական ու ճարտարարուեստական բարձր մակարդակով։ Ընդամէնը 1000 քառակուսի քիլոմեթրի վրայ տարածուած, իր աւելի քան 206 փոքր կղզիներով Հոնկ Քոնկ նաեւ դարձած է զբօսաշրջիկները հմայող քաղաք մը։ Կղզիները քաղաքին կու տան յատուկ հմայք եւ մանաւանդ՝ գեղեցկութիւն։
Եթէ Հոնկ Քոնկի գործակիցներուս անունն ու լեզուն «չինարէն» են ինծի համար, իմ պարագաս եւս նուազ «չինարէն» չէ անոնց համար։ Պիտի տքնէին անունս արտասանելու՝ «կոտրտուած» եւ «ջարդուած» վիճակով։ Բայց նաեւ իրենց համար ամբողջութեամբ նորութիւն էր լսել ու գիտնալ իմ ազգութեանս մասին, մանաւանդ այն, որ սերած եմ ջարդի ենթարկուած ու նահատակուած ժողովուրդէ մը։
Հակառակ երեւցող հեռաւորութեան, կարելի եղաւ կամրջել իմ հայ ժողովուրդիս իրականութիւնը Հոնկ Քոնկի չինացի իմ գործընկերներուս հետ…։ Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր՝ մեծ ու տիրական անուն եւ դէմք է Հոնկ Քոնկի մէջ. ան գրաւած է իւրաքանչիւր հոնկքոնկցիի միտքն ու սիրտը։ Մեծ անուն մըն է, որուն մասին իւրաքանչիւր հոնկքոնկցի հպարտութեամբ կը խօսի։
«Վստահաբար լսած էք Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի մասին», եղաւ հարցումներէս մէկը՝ ճամբայ հարթելու համար աշխատանքէ դուրս ազգային կեանքի մասին խօսակցութեան մը։
«Անշուշտ», եղաւ բոլորին հաստատական պատասխանը։ «Անգլիացի մեծ գործարար մըն է, որ շինած եւ կերտած է մեր քաղաքը», հպարտութեամբ ըսին բոլորը։ Անոնց համար, ան անգլիացի մեծ գործարար մըն էր ։ Պէտք էր, որ աւելի տեղեկութիւն ունենային այս մեծ մարդուն մասին։
«Ան հայ մըն է ինծի համար», եղաւ իմ ակնարկս՝ յաւելեալ լուսաբանութիւն տալով գործակիցներուս, ու ջանալով բան մը աւելցնել անոնց՝ Չաթերի նկատմամբ ունեցած հպարտութեան եւ հմայքին վրայ ։ Գործակիցներուս համար ասիկա նորութիւն կրնայ ըլլալ, սակայն հայ ժողովուրդին ու հայութեան մասին անոնք տեղեակ են. գիտեն Ցեղասպանութեան մասին, թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ տարածուած է այսօր։
Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի կը հանդիպիս, երբ կը քալես Հոնկ Քոնկի փողոցներէն։ Անոր ներդրումը մեծ եղած է շինարարական եւ տնտեսական շատ մը բնագաւառներու մէջ։ Ան եղած է առաջին անձը, որ մտածած է ովկիանոսէն տարածքներ առնելու մասին՝ կղզին ընդարձակելու համար։ Հանքային պեղումներ ըրած է եւ հիմնած է տարբեր տեսակի գործատուներ՝ տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու համար։ Ան գիտակցած էր Հոնկ Քոնկի աշխարհագրական դիրքին եւ թափ տուած էր վաճառականութեան եւ նաւահանգիստի գործածութեան։ Դրամատնային ցանցեր ստեղծելով՝ Հոնկ Քոնկը վերածած էր շրջանին մէջ կարեւոր քաղաքի մը՝ տնտեսական իմաստով։ Մէկ խօսքով, կերտած է «կայսրութիւն» մը, որ այսօր տակաւին կ՛ապրի եւ խօսիլ կու տայ իր մասին։
1846 թուականին ծնած է Կալկաթա (Հնդկաստան), անոր ընտանիքի անդամները եղած են հայ վաճառականներ։ Սերած է բազմանդամ ընտանիքէ՝ 14 քոյր եւ եղբայր։ Հօրենական մականունը եղած է «Աստուածատուր», այսինքն՝ Աստուծոյ պարգեւը, եւ ան դարձած է իսկական պարգեւ մը, անկախ այն իրողութենէն, որ փոքր տարիքէն մնացած է որբ եւ նիւթական աջակցութեան կարօտ։ 18 տարեկանին հասած է Հոնկ Քոնկ՝ առանց նիւթական ապահովութեան։ Հայու աշխատասիրութեամբ եւ ինքնաշխատութեամբ կերտած է հայկական ու համամարդկային կեանք։ Գիտցած է խոհեմութեամբ «կեանքի աստիճանները» մէկ առ մէկ բարձրանալ եւ հասնիլ մինչեւ արքունիքի գործադիր խորհուրդի խորհրդականի պաշտօնին։
«Երիտասարդ հայը Կալկաթայէն է, Հոնկ Քոնկը իր ամբողջութեամբ անոր հետ առընչուած է», կ՛ըսէ պատմական վկայութիւն մը։ «Ան ամէն տեղ է, եւ առանց իր աջակցութեան ո՛չ մէկ գործառնութիւն կը կատարուի։ Ան Հոնկ Քոնկի հայրն է ամէն իմաստով»։ Եւ այս՝ տնտեսական գործառնութեամբ եւ մարդասիրական, բարեսիրական իմաստով։
Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր իր հարստութիւնը կերտեց մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդին հետ։ Ան օժանդակեց բարեսիրական շատ մը գործունէութիւններու, տեղական համալսարանին, եկեղեցաշինութեան, ե՛ւ տակաւին ..։ Ան իր հարստութեան մէկ մասը դրաւ կալկաթահայութեան եւ հնդկահայութեան Ս. Նազովրեցի եկեղեցւոյ եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տրամադրութեան տակ։ Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի աւանդը այսօր կը գոյատեւէ ու կը շարունակուի. հեռաւոր Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ տակաւին կ՛ուսանին հարիւրէ աւելի հայ պատանիներ՝ հայկական տարբեր միջավայրերէ եկած։ Չաթեր այն հայն է, որ «ճաշակած է» կարօտեալի դառնութիւնը եւ պարտք զգացած է օգնելու իր ժողովուրդի կարիքաւորներուն, իսկ անոր այդ նպատակը տակաւին կը շարունակուի՝ վերանորոգուած պարունակով։ Չաթեր իր կենդանութեան հասաւ նաեւ 1915ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան կեանքերու պահպանման՝ այդ օրերուն ձեռնարկուած հանգանակութեան մէջ իր կարեւոր նպաստը բերելով։
Ան մահացաւ 1926 թուականին։ Իր մահուան գոյժը ցնցեց նոյնիսկ Հոնկ Քոնկի սակարանը, որ այդ օր դադրեցաւ աշխատանքէ՝ կանխարգիլելու համար տնտեսական որեւէ ցնցում։
Չաթեր թաղուած է Հոնկ Քոնկ, բայց անոր սրտին տրոփիւնը տակաւին զգալի է Հոնկ Քոնկի տարբեր շրջաններուն մէջ, ուր կը շրջագայիս։ Իր անունով կոչուած են քաղաքին կարգ մը փողոցները, հանրային պարտէզները, տնտեսական շէնքերը։
Իսկ այն, ինչ որ մեզի կը մնայ՝ Չաթերի աւանդն ու սրտի տրոփիւնն է։ Աւանդը՝ հայութեան, եւ տրոփիւնը՝ մարդկութեան։ Այսպէս է, որ կերտուած է հայկական ու համամարդկային կեանքը, եւ նոյնը ընելու աւանդ է փոխանցուածը։
Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր համամարդկային հայը շատ բան տուաւ հայ ժողովուրդին ու մարդկութեան։ Հայկական անուն մը, որ պատմութեան մէջ արժանիօրէն արձանագրուած է իբրեւ համամարդկային հայը։
Ասիկա սփիւռքահայութեան տոկալու հրամայականն է։ Համամարդկային կեանքի մէջ տոկալ ու կերտել կեանքը՝ հայկական նկարագիրով։
Sireli Hrayr, aynqan hajeli er kartal grutyund. kartatzatd jamanak kartsum ei vor lsum em dzayned ev khosum es doctor Jebejianentz tane, Halebum. Hogi kar grutyaned mech. Karine- Glendale.
parev