ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Հայաստան քարիւղի կամ բնական կազի յատկանշական պաշարներ ունեցող երկիր մը չէ, ան գրեթէ ամբողջութեամբ ներածումներէ կախեալ է ուժանիւթի իր կարիքներուն գոհացում տալու համար: Յատկապէս այս օրերուն, երբ ուժանիւթի միջազգային գիները կը շարունակեն բարձրանալ, Հայաստանի համար ուժանիւթ ապահովելու այլընտրանքներուն փնտռտուքը յոյժ կարեւոր դարձած է, յատկապէս՝ վերանորոգուող ուժանիւթի մարզէն ներս:
Այս մտահոգութեամբ, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը կազմակերպած է աշխատանիստ մը, ուր պիտի ներակայացուին վերանորոգուող ուժանիւթի կարելիութիւնները քննելու նպատակով կատարուած ուսումնասիրութեանց արդիւնքները:
Աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2009ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 9: Ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի ուժանիւթի փոխնախարար Արեգ Գալստեան, Քէնըլ Դուրեան, Արեգ Ղարաբեկեան եւ Աղասի Մանուկեան: Պիտի ըլլայ նաեւ կլոր սեղանի քննարկում մը եւ ներկաները առիթը պիտի ունենան հարցումներ հարցնելու մասնագէտներուն:
Աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ «Փարսընզ» ընկերութեան շէնքի «Քլինթ» սրահին մէջ (100 W. Walnut St., Pasadena, CA, 91124):