ՓԱՐԻԶ.-Առանց ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները չեն վաւերացուիր, Փարիզի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն։
Ըստ անոր, թուրքերը իրենց ռուս, ամերիկացի եւ եւրոպացի գործընկերներուն յստակ փոխանցած են իրենց այս դիրքորոշումը։ «Ասիկա Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններուն կարծիքն է, իսկ մենք կը յարգենք այդ կարծիքը», հաստատած է Տաւութօղլու։ Ան յայտնած է, որ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին խորհուրդ տուած է աշխուժացնել Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցերը արագօրէն լուծել։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշների հրաւէրով Փարիզ գտնուող թուրք նախարարը ըսած է, թէ Թուրքիա կ՛ուզէ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել իր դրացիներուն հետ։ «Այս ծիրին մէջ աշխարհի տարբեր կողմերը ապրող հայերուն կ՛ըսեմ, որ մենք կ՛ուզենք լաւ յարաբերութիւններ հաստատել բոլոր հայերուն հետ։ Սակայն եթէ բոլորը իրենց ցաւն ու պատմութիւնը պատմեն՝ միասնաբար խաղաղութիւն եւ ապագայ կարելի չէ կառուցել։ Հայկական սփիւռքը թող ձերբազատի պատմական միակողմանի քարոզչութենէն։ Ես ալ գիտեմ մեր պապերուն ցաւը։ Միացեալ պատմութիւն ունենալու համար մենք կ՛ուզենք նոր հորիզոններ եւ միացեալ պատմական յանձնախումբ ստեղծել», դիտել տուած է Տաւութօղլու։
Նշենք, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին մամլոյ ասուլիսը հանդարտ մթնոլորտի մէջ չէ կայացած։ Արդարեւ, հայ լրագրող մը հարց տուած է, թէ Թուրքիա ինչպէ՞ս կը մերժէ Իրանը շրջափակման մէջ պահել, երբ ինք 16 տարիէ ի վեր շրջափակման մէջ կը պահէ Հայաստանը։ Տաւութօղլու ջղայնացած պատասխանած է, թէ Թուրքիա շրջանին մէջ ամէն տեսակի շրջափակման դէմ է, «սակայն Հայաստան բռնագրաւած է ազրպէյճանական տարածքներուն քսան առ հարիւրը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր ազերի բնակիչներ տեղահանած է. այս ծիրին մէջ է, որ շրջափակում կատարուած է, իսկ մեր նպատակն է օգնել այդ մարդոց, որպէսզի կարենան իրենց տուները վերադառնալ», նշած է ան։
Ան դիտել տուած է, որ թրքական խորհրդարանին մէջ արձանագրութիւններու վաւերացման առնչուող հարցեր գոյութիւն ունին, այդ պատճառով ալ պէտք չէ աճապարել։ Նախարարին համաձայն, արձանագրութիւններու ստորագրութենէն շաբաթ մը ետք արդէն անոնք անմիջապէս ներկայացուած են խորհրդարան, ուր յատուկ լսումներ կատարուած են, եւ ընդդիմադիր կեցուածքներ դրսեւորուած են։ Ուստի տակաւին պէտք է համապատասխան մթնոլորտ եւ հոգեբանութիւն ձեւաւորուի այս իմաստով, յայտնած է թուրք նախարարը։
«Մենք կ՛ուզենք, որ այդ համաձայնութիւնները խորհրդարանին կողմէ վաւերացուին այնպիսի ատեն, երբ ոչ մէկ կարելիութիւն կայ անոնց մերժման։ Մենք կ՚ուզենք, որ անոնք խորհրդարանին փոխանցուին յարմար պահուն։ Մինչ այդ, բոլորս միասին պէտք է ստեղծենք նպաստաւոր միջավայր», յայտնած է Տաւութօղլու։