ՎԼԱԴԻԿԱՎԿԱԶ, «Նոյեան Տապան» – «Հայերն Այսօր».- «Ռուսաստան, Հայաստան, Օսէթիա, մենք ձեր զաւակներն ենք» կարգախօսով առաջին անգամ ըլլալով Վլադիկաւկազ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսէթիայի միսս Հայաստան» մրցոյթը: Նախագծի հեղինակն ու ղեկավարն էր Հիւսիսային Օսէթիոյ «ՆԳՆ անչափահասների գծով ծառայութեան» պետ Վարդանոյշ Մուրադեան: Մրցոյթը կատարուեցաւ հայկական «Էրեբունի» ազգային-մշակութային ընկերութեան հովանիին տակ, Վլադիկաւկազի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առաջնորդին օրհնութեամբ:
Ըստ Վ. Մուրադեանի, միջոցառումին նպատակը օսերու եւ հայերու միջեւ ազգամիջեան կապերու ամրապնդումն ու տաղանդաւոր երիտասարդներու բացայայտումն է:
Ամենագեղեցիկ աղջկան տիտղոսին արժանանալու համար, կրնար մրցիլ Օսէթիոյ մէջ բնակող իւարքանչիւր աղջիկ, որու ծնողներէն գոնէ մէկը ազգութեամբ հայ է: Մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Աստորիա պլազա» ակումբին մէջ, ներկայացած են 60 աղջիկներ, որոնցմէ 13ը անցած են աւարտական փուլ: Մասնակիցները մրցակցած են 5 տարբեր ոլորտներու մէջ՝ ներկայացնելով իրենց կարողութիւնները ազգային հայկական եւ օսական պարարուեստի եւ խոհանոցի մարզերուն մէջ: Իսկ «Տաղանդների շքահանդէս» մրցոյթին մասնակիցները իրե՛նք որոշած են, թէ ինչով կրնան զարմացնել հանդիսատեսը:
Աւարտին, մրցոյթի ատեանը, որուն մաս կը կազմէին նախարարներ եւ մտաւորականներ, ընտրեց Եուլիա Ալեքսանովան որպէս յաղթական: Ան ստացաւ Վենետիկ պատրաստուած թագը եւ «սվարովսկի» քարերով զարդարուած հաւաստագիրը՝ Հայաստան ուղեւորուելու համար, ինչպէս նաեւ 100 հազար ռուբլի պարգեւ՝ «Մարգօ» վաճառատան կողմէ: