ՊՈԼԻՍ, «Նոյեան Տապան» – «Հայերն Այսօր».- Պոլսոյ Ֆերիգիւղի Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ Նոյեմբերի 5ին, տեղի պիտի ունեցաւ Մարմարա համալսարանի երաժշտութեան ուսուցչութեան երրորդ դասարանի ուսանողուհի Կարին Քիւչիւքօղլուի եւ երաժշտանոցի դաշնամուրային բաժնի չորրորդ դասարանի ուսանող Սերժ Մսըրի ելոյթը: Անոնք երաժշտութեան սիրահարներուն ներկայացուցին օտար երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները:
Երիտասարդ կատարողները նպատակ ունին իրենց ելոյթով իւրօրինակ վարպետութեան դասընթացք հրամցնել ապագայ երաժիշտներուն, որոնք պէտք է մուտքի քննութիւններ անցնեն երաժշտանոցէն ներս:
Իրաքանչիւր հայկական վարժարանէ 10ական աշակերտ հրաւիրուած է՝ համերգին մասնակցելու համար: