Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանը, Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան, Երիտասարդութեան տարուան ձօնուած տօնակատարութեամբ մը գործնապէս մարմնաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը, որ 2009ը կը հռչակէր Երիտասարդութեան տարի։ Վեհափառը իր պատգամին մէջ մատնացոյց ըրած էր երկու գլխաւոր գիծ՝ երիտասարդները ներգրաւել մեր ազգային կեանքի աշխատանքի դաշտերուն մէջ, եւ ականջալուր ըլլալ անոնց հարցերուն, ընդառաջել տագնապներուն եւ զանոնք ուղղել եկեղեցանուէր ու ազգանուէր աշխատանքի դաշտեր:
Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցած տօնակատարութիւնը մէկ հայելին էր երիտասարդութեան ու անոր կորովին եւ աշխատունակութեան։ Ազգ. առաջնորդարանի առաքելութեան տարածման յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը վայելող ձեռնարկին յայտագրի իրագործումը ամբողջութեամբ վստահուած էր երիտասարդներու։ Ամբողջ յայտագիրը խօսուն պատգամ մըն էր մեր հանրութեան, որ մեր երիտասարդութիւնը մասնակից է հայկական կեանքին ու պատրաստ է յանձն առնելու պատասխանատուութիւններ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7։40ին, առաջնորդին ու հոգեւորականաց դասու անդամներուն եկեղեցի մուտքով ու Տէրունական աղօթքին միատեղ արտասանութեամբ։ Հանդիսավար Սոնա Մատարեան ներկաները ողջունելէ ետք նկատել տուաւ, որ 2003էն ասդին մեր իրականութեան մէջ վեհափառին կողմէ ստեղծուած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը, ըստ որում իւրաքանչիւր տարի կը նուիրուի յատուկ նպատակի մը, ու այս ծիրին մէջ 2009 տարին նուիրուած է երիտասարդութեան:
Յայտագիրին առաջին բաժինը յատկացուած էր երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչներու խօսքերուն։ Յաջորդաբար խօսք առին Թալին Հինտոյեան (ՀՄԸՄէն), Արեգ Սանդիկեան (ՀԵԴէն), Մելանի Վարդապետեան (ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութենէն) եւ Րաֆֆի Նալճեան (Արեւմտեան թեմի Երիտասարդական միութենէն)։ Անոնք հակիրճ կերպով անդրադարձան իրենց ներկայացուցած միութեանց տարած աշխատանքներուն, որոնք կը տարածուին դաստիարակութեան, եկեղեցանուէր աշխատանքներու, հայրենիքին ծառայութեան եւ ազգային գիտակցութեան զարգացման ուղղութիւններով։ Անոնք գոհունակութիւն եւ երախտագիտութիւն արտայայտեցին, որ Վեհափառ Հայրապետը 2009 տարին ձօնած է երիտասարդութեան, հաստատեցին, որ այս միութիւնները իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ լաւագոյնս կը մասնակցին մեր հասարակական կեանքին եւ պատրաստ են յանձն առնելու յաւելեալ աշխատանք եւ պատասխանատուութիւն։
Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ ժապաւէն մը, որ լուսարձակի տակ կը բերէր Երիտասարդական միութեան տարաբնոյթ աշխատանքները։
Հանդիսավարը ապա ներկայացուց գլխաւոր բանախօսը՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, կանգ առնելով անոր ազգային գործունէութեան ու դաստիարակի ասպարէզին վրայ։ Բանախօսը լայն գործունէութիւն ունեցած է մեր ազգային կեանքին մէջ, նաեւ շուրջ երկու տասնամեակ վարած է ուսուցիչ-դաստիարակի աշխատանք, գլխաւորաբար վարելով Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս ազգ. վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։
Բանախօսը յայտնեց, թէ այն խորհրդածութիւնները, զորս կ՛ուզէ բաժնել հանդիսականներուն հետ, ներշնչում կ՛առնեն 2009ը Երիտասարդութեան տարի հռչակող կաթողիկոսի պատգամէն։ Ան նշեց, որ վեհափառը երբ թելադրանք կ՛ընէ հաղորդակից ըլլալու երիտասարդութեան հարցերուն, ան կ՛անցնի լոզունգայինի սահմաններէն անդին ու հարցերը կը շօշափէ իրենց էութեան մէջ. անոր պատգամին խորքը այն է, որ պէտք է փնտռտուքի ձեռնարկել, մինչեւ իսկ եթէ կը կարծենք, որ որոշ հարցերու պատասխանները ունինք։ Ան հանգամանօրէն ու վերլուծական մօտեցումով անդրադարձաւ երիտասարդութեան մարտահրաւէրներուն, որոնք կը կայանան ինքնութեան փնտռտուքի, հաւատքի ու բարոյական հարցերու վրայ։ Կեդրոնացաւ հայրենիքէն հեռու աչք բացող ու հասակ առնող երիտասարդներու դիմագրաւած բարդ հարցերուն վրայ. նկատեց, որ բազմապիսի մշակոյթներու եւ ազդեցութիւններու ներքեւ հասակ առնող հայ պատանին ու երիտասարդը, իրենց իմացական կեանքի առաջին իսկ օրէն, իրենք զիրենք կը գտնեն բազմաթիւ ինքնութիւններու միջեւ կողմնորոշուելու կամ մինչեւ իսկ ազգային պատկանելիութեան նկատմամբ անտարբեր ու անհաղորդ մնալու կացութիւններու դիմաց, մինչեւ որ փորձառութիւն մը կամ որոշ իրադարձութիւն մը զիրենք առաջնորդէ դէպի ինքնագիտակցութիւն ու սեփական ժողովուրդի հարցերու կալուած։ Կայ հայերէնով կամ անգլերէնով արտայայտուելու հարցը, ինչպէս պատահեցաւ նոյնինքն սոյն յայտագիրին առաջին բաժինին մէջ, երբ կարգ մը միաւորներու ներկայացուցիչներ նախընտրեցին արտայայտուիլ անգլերէնով։ Բանախօսին համաձայն, ասիկա բնական երեւոյթ է ու պէտք է զայն դիմագրաւել հասկացողութեամբ, չնկատել խոչընդոտ, որովհետեւ արտայայտութեան ձեւը պէտք չէ ազգային գիտակցութեան պակասի ցուցանիշ նկատել ։
Այս մօտեցումով, ան կանգ առաւ հայ ընտանիքին, եկեղեցւոյ, միութեանց ու կազմակերպութեանց դերակատարութեան վրայ, շեշտելով, որ ամենէն կարեւորը այն է, որ երիտասարդութիւնը պատրաստ ըլլայ գործօն մասնակցութիւն բերելու մեր կեանքին։ Պէտք է ըլլալ հանդուրժող, առիթ տալ, որ երիտասարդը յարափոփոխ աշխարհին մէջ պատասխաններ գտնէ իր փնտռտուքներուն ու դուրս գայ խարխափումէ. հետեւաբար, պէտք է կանգնիլ երիտասարդութեան կողքին, ըլլալ անոր կեանքին մէջ, ինչպէս որ կը թելադրէ Արամ Ա. կաթողիկոս իր յիշեալ պատգամին մէջ։
Իբրեւ շօշափելի օրինակ, ան խօսեցաւ իր անձնական փորձառութիւններուն մասին, նշելով, որ ինք պատանութեան օրերուն հարկադրաբար հեռացած էր Պէյրութէն ու հայկական դպրոցի միջավայրէն, սակայն շնորհիւ հայկական միութեանց, կազմակերպութեանց ու ընտանեկան գուրգուրանքին, հանդուրժողութեան, կառչած է հայ կեանքին, լաւ սորված է հայերէնը ու կազմաւորուած՝ ազգային դաստիարակութեամբ։ Այս մօտեցումով ալ, ան իր խօսքը եզրափակեց այն մտածումով, որ մեր նորահաս երիտասարդութեան պէտք է տալ ինքնագիտակցութեան ու ինքնակերտումի առիթ, եւ գուրգուրանք տածել ու հանդուրժողութիւն ցուցաբերել անոր նկատմամբ։
Գեղարուեստական բաժինը ունէր երկու գլխաւոր բաժին: Սօսի Աւագեան-Մարտիրոսեան մեներգեց «Լեռներ Հայրենի»ն եւ «Կարօտ»ը, իսկ Ազգ. առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ երիտասարդական երգչախումբը ներկայացուց երեք խմբերգ՝ «Ով Հայոց Աշխարհ», «Առաւօտ Լուսաբեր» եւ «Բամ, Փորոտան»։ Խմբավարն էր Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։ Երգեհոնի վրայ ընկերացաւ Արմենուհի Տէրտէրեան։
Ինչպէս բանախօսն ու միութեանց ներկայացուցիչ երիտասարդները, այնպէս ալ մենակատարը, երգչախումբն ու խմբավարը արժանացան ջերմ ծափողջոյններու։
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը։ Ան գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է կատարելու Երիտասարդութեան տարուան նուիրուած գլխաւոր ձեռնարկը, որուն համար ան գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբը, յայտագրին մասնակիցներն ու երգչախումբը։ Ան յատուկ գնահատանք արտայայտեց դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին, ո՛չ միայն անոր ներկայացուցած թելադրական մտածումներուն, այլ նաեւ անթերի հայերէնին համար, իբրեւ արդիւնք՝ անխոնջ աշխատանքի ու նախանձախնդրութեան։
Առաջնորդը յիշեցուց, որ յայտագիրը առիթ էր, որ երիտասարդները իրե՛նք խօսէին մեզի։ Ան մէկ առ մէկ անդրադարձաւ յիշեալ միաւորներու ներկայացուցիչներուն խօսքերուն, գնահատեց անոնց գործունէութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, եւ կոչ ուղղեց, որ մեր երիտասարդութիւնը ներգրաւուի եկեղեցւոյ, ուսուցչական եւ ազգային տարբեր աշխատանքներու անդաստաններուն մէջ։
Առաջնորդը մատնանշեց նաեւ տարբեր յարկերու տակ կատարուող աշխատանքներուն միջեւ համակարգումի ու համադրումի անհրաժեշտութիւնը ու յատկապէս վեր առաւ հայ ընտանիքին վերապահուած բանալի դերը: Ան շեշտը դրաւ նաեւ ազգային դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ, իբրեւ բանալի՝ մեր ազգային կեանքի բարելաւման։
Առաջնորդը յորդորեց, որ երէց սերունդը լաւապէս կատարէ ուղղութիւն ցոյց տուողի իր դերը, վասն մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պայծառութեան։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ողջունելով երիտասարդներուն ու նախկին երիտասարդներուն նուիրումն ու նախանձախնդիր մօտեցումը։
Ապա երգչախումբը երգեց «Կիլիկիա»ն եւ Հայրապետական մաղթանքը։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ առաջնորդին պահպանիչով։
Հանդիսութենէն ետք, ներկաները եկեղեցւոյ սրահին մէջ վայելեցին Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած կոկիկ հիւրասիրութիւնը։