ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Էրիք Հոլտըր Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13ին յայտարարեց, թէ Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական արարքներու գլխաւոր պատասխանատու նկատուող Խալէտ Շէյխ Մուհամմատ եւ չորս ուրիշներ պիտի դատուին Նիւ Եորքի մէջ, Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնէն ոչ շատ հեռու գտնուող քաղաքային դատարանի մը կողմէ:
Անոնք մօտիկ ապագային Կուանթանամոյի իրենց բանտէն Միացեալ Նահանգներ պիտի փոխադրուին, եթէ այդ քայլը կասեցնելու փորձերը ձախողին:
Հոլտըր աւելցուց, թէ Եմէնի ափերուն, ամերիկեան մարտանաւի մը վրայ տեղի ունեցած յարձակումին պատասխանատու հինգ այլ կասկածելիները պիտի դատուին զինուորական ատեանի մը կողմէ: