ԼՈՆՏՈՆ, «Փանորամա».- Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նուիրուած բաժնով՝ Բրիտանական «Չեթհեմ Հաուզ» (Chatham House) հաղորդագրութեան Նոյեմբեր 16ի զեկոյցը նշած է. «Առանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ առաջընթաց ունենալու, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը կրնայ վտանգել Անգարայի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները»:
«Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Կովկաս. ընդհանուր եւ հակասող շահեր» խորագրով զեկոյցին մէջ, բրիտանացի փորձագէտները անդրադարձած են Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան, ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն, Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններուն, տարածաշրջանին մէջ ծաւալած դիւանագիտական գործընթացներուն եւ ուժանիւթային նախագիծերուն առընչուող շարք մը հարցերու:
Զեկոյցին հեղինակները փաստած են, որ 2008ի օգոստոսեան պատերազմը բացասաբար ազդած է Հայաստանի տնտեսութեան վրայ, եւ նշած, որ Թուրքիոյ կողմէ 1993ին փակուած հայ-թրքական սահմանին վերաբացումը կրնար օգտակար ըլլալ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Վրաստանի համար:
Զեկոյցին հեղինակները նշած են, որ այդ քայլին համար Թուրքիան նախապայմաններ կը ներկայացնէր։ Այնուհետեւ անոնք արձանագրած են, որ Հայաստանի իշխանութիւնները համարժէք գնահատելով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած վիճակը՝ հանդէս եկած են նախաձեռնութեամբ: «Այնու ամենայնիւ օգոստոսեան դէպքերէն ետք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ՝ սկիզբ դրուած է «ֆութպոլային դիւանագիտութեան», որուն իբրեւ արդիւնք՝ ի վերջոյ ստորագրուած են հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատող արձանագրութիւնները», նշած են «Չեթհեմ Հաուզ»ի զեկոյցին հեղինակները:
Այնուհետեւ անոնք անդրադարձած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ տարածաշրջանին մէջ հնարաւոր վերադասաւորումներուն եւ կասկած յայտնած, որ չնայած մտավախութիւններուն, հաւանական է, որ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը Ռուսաստանի կողմէ յանգի՝ Հայաստանի հետ համագործակցութենէն խուսափելով Ատրպէյճանի հետ մերձեցման, իսկ միւս կողմէ՝ Անգարայի ու Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու սառեցման:
Անդրադառնալով հայ-թրքական արձանագրութիւններուն իրագործման հնարաւորութիւններուն՝ բրիտանացի փորձագէտները իրատեսական կը համարեն Թուրքիոյ կողմէ անոնց վաւերացումը յետաձգելու մօտեցումը: Զեկոյցին մէջ միաժամանակ նշուած է, որ վաւերացման յետաձգումը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ, քանզի «Հայաստանի իշխանութիւնները սպառնացած են հրաժարիլ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացէն, եթէ արձանագրութիւններուն վաւերացումը յետաձգուի»:
Նշենք, որ «Չեթհեմ Հաուզ»ը (նախապէս՝ Միջազգային յարաբերութիւններու արքայական հիմնարկ), Լոնտոնի մէջ գտնուող ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն է, որ կը զբաղի միջազգային յարաբերութիւններու, առանձին հիմնախնդիրներու վերլուծութեամբ, ուսումնասիրութեամբ եւ համապատասխան առաջարկներ կը ներկայացնէ որոշում կայացնողներուն: