ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ինկուշեթիոյ նախագահ Եունուս Պէկ Եւկուրով ռուսական պետական պատկերասփիւռի առաջին ալիքին յայտնած է, թէ Ատրպէյճանի քաղաքացիները Ինկուշեթիոյ մէջ օրինական բնակութիւն հաստատելէ ետք, զէնքեր ապահովելով անտառներ կ՛ապաստանին ու ոչ միայն կը սատարեն երկրին տարածքին գործող զինուած խմբաւորումներուն, այլ նաեւ՝ անմիջական մասնակցութիւն կ՛ունենան անոնց գործողութիւններուն։
Իր կարգին, Չէչէնիոյ նախագահ Ռամզան Քատիրով յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հիւսիսային Կովկասի մէջ զէնքի եւ թմրեցուցիչներու գլխաւոր մատակարարը կը հանդիսանայ։ Ան ըսաւ, որ խորհրդային զէնքի հիմնական պահեստները կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ եւ «բոլոր զէնքերն ու ռազմամթերքը ահաբեկիչներուն կը հասնին այդտեղէն»։