Թրքական Պողազիչի համալսարանի եւրոպական ուսմանց կեդրոնի եւ Մատրիտի համալսարանին կողմէ եւրոպական հինգ երկիրներու մէջ կատարուած հարցախոյզը հետաքրքրական արդիւնքներ տուած է։ Հարցախոյզը կատարուած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Սպանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ։ Թրքական «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանը կը հաղորդէ, որ վերոնշեալ երկիրներուն մէջ հարցախոյզին մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու համար կարեւոր նկատած է ժողովրդավարութեան սկզբունքներու ամրապնդումը:
Մասնակիցներուն 20 առ հարիւրը մտավախութիւն յայտնած է թուրք ներգաղթողներու հարցով:
«Թուրքիան ի՞նչ խորհրդանիշով կը ճանչնաք» հարցումին, մասնակիցներուն 91 առ հարիւրը պատասխանած է՝ Պոլիսով, 70 առ հարիւրը՝ «Կալաթասարայ» ֆութպոլի խումբով։ Աթաթիւրքին ակնարկած են մասնակիցներուն 40 առ հարիւրը, ինչ որ նուազ է Անթալիան նշողներու համեմատութենէն։ Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքը նշած են մասնակիցներուն 11.5 առ հարիւրը։
«Եթէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը հանրաքուէի դրուէր, ինչպէ՞ս կը քուէարկէիք հարցումին», հարցախոյզին մասնակիցներուն 52 առ հարիւրը պատասխանած է՝ «ո»չ։