ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր Մոթթաքի Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18ին մերժեց երկրին հարստացուած իւրանիոմը Իրանէն արտահանելու ՄԱԿի պայմանը, որու նպատակն էր մեղմացնել այն մտավախութիւնները, թէ Թեհրան հիւլէական զէնքեր կը փորձէ արտադրել: ՄԱԿ այս առաջարկը ներկայացուցած էր անցեալ ամիս: Մոթթաքի ըսաւ, թէ իրանցի մասնագէտներ այլընտրանք մը կը քննեն։ Ան նաեւ մերժեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այն յայտարարութիւնը, թէ Իրան միայն մէկ ընտրանք ունի, որ է՝ ընդունիլ ՄԱԿի առաջարկը: «Դիւանագիտութիւնը «բոլորը կամ ոչին»չ չէ», ըսաւ ան։