ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրք պաշտօնատար մը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17ին ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հոկտեմբերին Թուրքիոյ կողմէ ռազմափորձի մը մասնակցութենէն դուրս ձգուելէ ետք՝ առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլ մասնակցած է Անգարայի մօտերը տեղի ունեցած ռազմափորձի մը, որուն մասնակցած են նաեւ Յորդանանէն զինուորներ։
Բանակային պաշտօնատարը աւելցուցած է, թէ իսրայէլեան, յորդանանեան եւ թրքական ոյժեր Նոյեմբեր 3-5ին Անգարայի մօտերը հետազօտման եւ փրկարար աշխատանքներու միացեալ ռազմափորձեր կատարած են։
Թուրքիա Հոկտեմբերին Իսրայէլը դուրս ձգած էր Թուրքիոյ մէջ ՆԱԹՕի ռազմափորձէ մը եւ թուրք ղեկավարներ ազդարարած էին, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն վատթարանալ, եթէ Իսրայէլ վերջ չտայ Կազայի «ողբերգութեան» եւ պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները չվերակենդանացնէ։