ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալան Իմրալը կղզիին վրայ գտնուող բանտին մէջ այսուհետեւ միակ բանտարկեալը պիտի չըլլայ, նկատի ունենալով, որ Թուրքիայի արդարադատութեան նախարարութիւնը որոշած է ենթարկուիլ Օչալանի բանտային պայմանները բարեփոխելու կապակցութեամբ Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանի որոշումին:
1999էն ի վեր բանտին իբրեւ միակ բանտարկեալը մնացող Օչալանին միացած են արդէն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան չորս այլ անդամներ եւ ձախակողմեան՝ «Թուրքիոյ աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու ազատագրութեան բանակ» կազմակերպութեան անդամ մը, որոնց հետ Օչալան շաբաթական առաւելագոյնը 10 ժամ շփում պիտի կարենայ ունենալ: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն երեք այլ դատապարտեալներ փոխադրուին նոյն բանտը: